«Մեծնալ` Խաղալով» Խորագիրով Ձեռնարկ Վալենսիոյ Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցին ՄԷջ

«Մեծնալ` խաղալով». այս խորագիրը կը կրէր Ամանորեայ ձեռնարկը, որ Միսլատայի (Վալենսիա) հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի սաները ներկայացուցին ծնողներուն եւ հանդիսատեսին: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Վալենսիոյ «Արարատ» հայկական միութենէն, բացի տօնական ձեռնարկ ըլլալուն, Արարատ Ղուկասեանի այս աշխատութիւնը կարեւորագոյն հաղորդագրութիւն կը պարունակէ իր մէջ համաշխարհային հանրութեան համար, առ այն, որ աշխարհի մէջ միլիոնաւոր երեխաներ կ’ապրին ծայրայեղ աղքատութեան, սովի, համաճարակներու եւ պատերազմներու թոհուբոհով լի մանկութիւն, որն իրաւունք չունի նոյնիսկ «Մանկութիւն» կոչուելու: Մանուկները պէտք է ապրին անհոգ, խաղալիքներով շրջապատուած, անմասն մեծերու շահերէն, եսասիրութենէն կամ հոգերէն եւ… «Մեծնան` խաղալով»:
Երկրի մը մէջ, ուր պատերազմ է, երեխաներն անհամբեր կը սպասեն Ամանորին, սակայն գրեթէ համոզուած են, որ Ձմեռ պապիկը չայցելեր եւ անոնց համար խաղալիքներ պիտի չի բերեր: Մտահոգ է նաեւ ծաղրածուն, որ փոխանակ ուրախ ըլլալու եւ երեխաներուն ուրախացնելու, անկիւն մը տխուր ու անճար նստած, կու լայ: «Մեր երկրին մէջ պատերազմ է, սով, համաճարակ… Այս երկրի մասին նոյնիսկ Աստուած մոռցած է, ուր մնաց’ Ձմեռ պապիկը յիշէ մեզի», – կ’ըսէ ան բարի կախարդին եւ կը խնդրէ անոր ճար մը գտնել: Բարի կախարդն, ի հարկէ, ճար մը կը գտնէ, եւ Ձմեռ պապիկը կը հասնի պատերազմի բովին մէջ այրուող երկրին, կ’այցելէ նկուղին մէջ պատսպարուած մանուկներուն եւ շատ նուէրներ ու խաղաղութիւն կը բերէ անոնց:
Տէ, իսկ երեխաներն ալ, իրենց հերթին, կը զարմացնեն աշխարհի ամենաբարի պապիկին իրենց գիտելիքներով’ հրամցնելով անոր եւ, ի հարկէ, հանդիսատեսներուն բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ ձմրան, առաջին ձեան, փափուկ փաթիլներու, տօնածառի, Ձմեռ պապի ու Ձիւնանուշի մասին:
Ահա այսպէս, «Արարատ» հայկական միութեան նախաձեռնութեամբ եւս մէկ տարի վալենսահայ երեխաներուն այցելեցին Ձմեռ պապն ու Ձիւնանուշիկը’ յանձնելով անոնց բազմաթիւ խաղալիքներ եւ մաղթելով աշխարհին խաղաղութիւն, որպէսզի բոլոր երեխաներն ունենան անհոգ մանկութիւն, գոնէ մէկ խաղալիք եւ… «Մեծնան` խաղալով»: