Արժէքաւոր գիրք թուրք երաժշտութեան ծառայած հայ երաժիշտներու մասին

ՌՀ.

«Մարմարա» երաժշտական միութեան նախագահպատմաբան Ահմետ ՖեվզիԷօքերի հեղինակութեամբ՝ անցեալ շաբաթ հրատարակուեցաւ անցեալի թրքականերաժշտութեան ծառայած հայ վարպետներուն նուիրուած գիրք մըոր գրիառնուած է այդ հայ վարպետներուն նկատմամբ սիրոյ ու երախտագիտութեանջերմ զգացումներով։ «Անոնքորոնք գոյն աւելցուցին մեր երաժշտութեան վրայ» խորագրեալ գիրքը մօտաւորապէս 150 էջերով շատ բան կ՛ըսէշատ բան կեանքիկը կոչէ այս մարզէն ներս։

Շատ բան գրուած է թուրք երաժշտութեան իրենց նպաստը բերած սա կամ նա հայ երաժիշտին մասին, բայց անոնց բոլորին մասին ամբողջական ուսումնասիրութիւն մը կա՞յ։ Տեսնելով, որ այդպիսի ուսումնասիրութիւն մը չկայ, եւ թէ այլեւս նմանօրինակ յօրինողներ չեն հասնիր, Ահմետ Ֆեվզի Էօքեր որոշեր է գրել այս գիրքը։

Միայն հայ երգահաններու ու երաժիշտներու նուիրուած այս հատորին մէջ կը տողանցեն մեզի ծանօթ կամ անծանօթ բազմաթիւ անուններ, բոլորն ալ լուսանկարներով, ուր անոնք կը տեսնուին իրենց գլխուն վրայ ֆէս մը դրած, բացի մէկէն, որ ֆէսի տեղ՝ կը կրէ հոգեւորականի վեղար եւ որ Կոմիտաս վարդապետն է։

Ահմետ Ֆեվզի Էօքեր լայն տեղեկութիւններով՝ անգամ մը եւս թուրք ընթերցողին կը ծանօթացնէ Կոմիտասը՝ յիշեցնելով, որ ըստ հայերուն, հայ երաժշտութիւնը սկսաւ Կոմիտասով։ Բայց գիրքին բուն նպատակն է թուրք երաժշտութեան ծառայողներու հանդէպ պարտք վճարել, կու տայ անոնց կեանքի պատմութիւնը, ու անոնց յօրինած կամ գրի առած երգերը, տեղեկութիւններ կու տայ Համբարձում Լիմոնճեանի մասին, անոր նօթագրութեան մասին, ապա կը տողանցեն միւսները, Արթաքի Ճանտան, Աստիկ Էֆենտի, Կոյր Ասատուր, Ալեքսան էֆենտի, Աստիկ Զատէ Պօղոս էֆենտի, Պիմէն Շէն, Գառնիկ Կարմիրեան ¤Արա Կարմիրեանի հայրը), Ուտի Հրանդ, եւ ուրիշներ, օրինակներ կու տայ անոնց գրառումներէն կամ գրած երգերուն նօթաներէն։

Փոքր չափերով համայնապատկեր մը՝ իր նիւթէն ներս։ Եւ հեղինակը ներողութիւն կը խնդրէ ընթեցողներէ՝, յայտնելով, որ ինք յաւակնութիւնը չունի գրած ըլլալու բոլորին մասին կամ երաժիշտներու ամբողջական գործին մասին, ինք գրած է այնքանը, որքանին կրցած է հասնիլ։ Գիրքի յաջորդական բաժիններուն մէջ կան նօթաներով բազմաթիւ երգեր, որոնց բառերն իսկ բան մը կը շարժեն ընթերցողին կամ ունկնդիրին սիրտին մէջ։

Կը գնահատենք Ահմետ Ֆեվզի Էօքերի այս երախտաշատ գիրքը ու կը նշենք, որ գիրքը հրատարակուած է «Էմ.Ճէ» հրատարակչատան կողմէ։

Քանի որ նիւթը բացուեր է, տեղին կ՛ըլլայ յիշել, որ 2007 թուականին այս նիւթին շուրջ կոթողային աշխատանք մը տարած էր Պոյաճըգիւղի Թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան, ընդառաջ երթալով Պէյազըտի Լիոնզ ակումբի մէկ ծրագիրին, որ կոչուած էր «Բոլորս միասին՝ անցեալէն դէպի ապագայ» եւ որ նուիրուած էր թուրք արուեստի երաժշտութեան նպաստած հայ յօրինողներու։ Այս մէկը, աւելի քան հազար հարիւր էջերով գանձարան մըն էր իր տեսակին մէջ։ Համակարգիչով տպուած օրինակ մը նուիրուած էր մեզի, բայց չենք գիտեր, թէ ատիկա գիրքի ձեւով տպագրուած ու հրապարակ հանուա՞ծ էր։ Կ՛արժէ որ Ահմետ Ֆեվզի Էօքերի ուշադրութեան յանձնուի այդ ուսումնասիրութիւնը։

Scroll Up