Նիւ Եորքի Փողոցներէն Մէկը Այսույետ Կը Կրէ «Հայաստանի Ուղի» Խորհրդանշական Անուանումը

Նիւ Եորքի Պէյսայտ շրջանի 2010-րդ փողոցի հատուած մը այսույետ կը կրէ «Հայաստանի ուղի» խորհրդանշական անուանումը: Այդ մասին յայտնած է Պէյսայտի Սրբոց
Նահատակաց եկեղեցւոյ քահանայ Աբրահամ Մալխասեան:
Գաղափարը ծնած էր դեռեւս 2015-ին, երբ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման 100-րդ տարելիցի յանձնախումբը սկսաւ ծրագրել տարուայ ձեռնարկները, կը գրէ Armenian Mirror-Spectator-ը:
Կը նշուի, որ բաւականին երկար ժամանակ պահանջուեցաւ նպատակին հասնելու համար եւ տեսնելու, որ փողոցն անուանակոչուած է «Հայաստանի ուղի»` Քուինսի հայ համայնքի պատուին, կը գրէ panarmenian.net-ը: