Տեղի Պիտի ունենայ Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով

Երեւանի մէջ փետրուար 23-ին տեղի պիտի ունենայ խոշոր միջազգային գիտաժողով` նուիրուած Արցախեան շարժման 30-ամեակին: Պիտի մասնակցին բազմաթիւ հեղինակաւոր մասնագէտներ տարբեր երկիրներէ, գիտական հիմնարկներէ: Մասնակցութեան իրենց համաձայնութիւնը  տուած են մետիա ոլորտի ճանչցուած դէմքեր: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած  ասուլիսին  նշեց ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան:

«Մենք կը շեշտադրենք, որ Արցախեան շարժումը միայն ինքնորոշման իրաւունքի համար ծաւալուած շարժում չէր, այն ազգային ազատագրական պայքար էր, որ տրամաբանօրէն յանգեցուց Հայաստանի անկախացման: Ամենակարեւորը, կը ցանկայինք լսել մեր միջազգային գործընկերներու, արտասահմանեան մասնագէտներու խօսքն Արցախեան շարժման վերաբերեալ»,-ըսաւ Աշոտ Մելքոնեան:

Scroll Up