Հայաստանի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Եզիտիներու Ցեղասպանութիւնը

Ազգային ժողովը այսօր առաջին ընթերցմամբ միաձայն ընդունեց «Ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող Իրաքի Հանրապետութեան տարածքներու մէջ եզիտի ժողովուրդի նկատմամբ 2014-ին իրականացուած ցեղասպանութեան դատապարտման մասին» նախագիծը:
Նախագիծը դրուեցաւ քուէարկութեան եւ ընդունուեցաւ 91 կողմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Նախագիծ յայտարարութեան հեղինակներուն` ազգութեամբ եզիտի պատգամաւոր Ռուստամ Մախմուդեանին, Վահրամ Բաղդասարեանին եւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանին միացած են նաեւ խմբակցութիւնները` «Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնը, «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը, «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը,«Ելք» խմբակցութիւնը:
Նախքան քուէարկութիւնը Հանրապետական Սամուէլ Ֆարմանեան նշած է, որ ըրած է առաջարկներ, որոնք, կարծես թէ, չեն ընդունուած հեղինակներուն կողմէ. «Ոչ մէկ ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի մէջ ճանաչում բառը չ՛օգտագործուիր, մենք շատ երկիրներ կը մեղադրենք ընտրովի վերաբերմունքի համար, մենք ալ նոյնը չընենք ու ամբողջութեամբ դատապարտենք»,-կոչ ըրած է ան: