Կեանքի Մը Պատմութիւնը

Հայ գաղթական ծնողներու զաւակ՝ գրող, լեզուաբան, մանկավարժ, բժիշկ-ատամնաբոյժ Արմենակ Եղիայեան ծնած ու մեծցած է Լիբանանի մէջ, յաճախած տեղի Աբգարեան վարժարանը, ապա՝ Համազգայինի ճեմարանը եւ նոյն տարին նուիրուած է ուսուցչական աշխատանքին՝ գրեթէ 7 տարի: Ուսուցչութեան զուգահեռ՝ յաճախած է Ֆրանսական գրականութեան համալսարանի դասընթացքներուն՝ ստանալով Propédeutique եւ Certificat supérieur de littérature française վկայականները, իսկ վերջին տարիներուն՝ նաեւ լեզուաբանական դասընթացներու: Ձգելով մանկավարժական աշխատանքը՝ Արմենակ Եղիայեան ընդունուած է Ֆրանսական բժշկական համալսարանի ատամնաբուժութեան բաժին՝ իբրեւ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի սան՝ աւարտելէ ետք ծառայելով այդ ասպարէզին: Եղած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան, միաժամանակ՝ Ազգային ուսումնական խորհուրդի անդամ, հայերէն դասաւանդած է «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլայեան» ճեմարանին մէջ, երկար տարիներ եղած է նաեւ «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի եւ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ: Պատրաստած է «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյցը»՝ 560 էջ ծաւալով: Լիազօրուելով Ազգային ուսումնական խորհուրդի եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան կողմէ՝ 1991-էն-95թթ. պատրաստած է նախակրթարաններու հայոց լեզուի «Ծիածան» դասագիրքերու շարքը՝ 5 հատոր ընթերցարան, 5 հատոր քերականութիւն, 10 հատոր ուղեցոյց, որոնք 20 տարի անընդմէջ կիրառուած են Լիբանանի գրեթէ բոլոր նախակրթարաններուն մէջ, նաեւ՝ Յունաստանի, Մարսելի, Գանատայի, Նիւ Ճերսի Յովնանեան վարժարանին, Աւստրալիոյ, Քուէյթի, Իրաքի, Եգիպտոսի մէջ եւ այլուր:
Հեղինակած է «Մեսրոպեան տառերու ակունքները» աշխատութիւնը, արեւմտահայերէն թարգմանած է Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն, որ 2500 տպաքանակով հրատարակած է Համազգայինի հրատարակչութիւնը եւ 2017-ին վերահրատարակուած է 3500 օրինակով:
Վերջին հինգ տարիներուն Եղիայեան կ’աշխատի ուղեցոյցին վրայ՝ այնտեղ համատեղելով տասնամեակներու տքնաջան պրպտումներով թելադրուած այն բոլոր կուտակուած հարցերը, որոնք կը ծառանան արեւմտահայերէնի ճամբուն՝ արդի հայ գրողի, խմբագիրի, ուսուցիչի ու մտաւորականի եւ, ընդհանրապէս, ամէն սփիւռքահայու առջեւ: Մեր հայրենակիցը լեզուական-ուղղախօսական հարիւրաւոր յօդուածներով թղթակցած է սփիւռքահայ մամուլին, գխաւորապէս՝ «Ազդակի»-ն: Ահա արեւմտահայ արմատներէ սերած հայորդիի մը՝ Արմենակ Եղիայեանի կեանքի ու անցած ճանապարհի պատմութիւնը, որ նաեւ գողտրիկ ստեղծագործութիւններու հեղինակ է, որոնցմէ «Հայերն այսօր»-ի ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք Արաբական աշխարհի ամենահզօր հայկական գաղթօճախներէն մէկուն՝ Միջերկրական ծովի արեւելեան ափերուն փռուած Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ փոքրիկ հայկական պետութիւն յիշեցնող յայտնի Պուրճ Համուտ հայկական թաղամասին մասին եւ հայոց լեզուի մտահոգութիւններուն հետ կապուած պատմութիւնը:
Ծնունդի հեքիաթներ
Ամէն ինչ որ հեքիաթանման է, անպայման հեքիաթ չէ,
Իսկ ամէն ինչ որ հեքիաթ է, անպայման հեքիաթանման չէ:
Աշխարհի վրայ կայ հեքիաթային երկիր մը, որ կը կոչուի Լիբանան, եւ այստեղ կը գտնուի եզակի քաղաք մը (թերեւս՝ քաղաքիկ) որ կը կոչուի Պուրճ-Համուտ:
Պուրճ Համուտը խորքին մէջ եզակի էր մէկէ աւելի յատկանիշերով, որոնց կարգին՝ իր ազգագրական պատկերը. անոր հիմնադրութեան առաջին տարիներուն (մօտաւորապէս 1933-34) բնակչութեան 99,99 տոկոսը հայ էր. 30-40.000 հազարի վրայ կային ընդամէնը քանի մը արաբ ընտանիքներ՝ եկեղեցւոյ քահանայինը, ժամկոչինը, մուխթարինը եւ մէկ-երկու ուրիշներ ու այսչափ միայն:
1946-էն սկսեալ, որ կը զուգադիպի հայրենադարձութեան, մեկնողներուն տուները գնուեցան արաբ հայրենակիցներու կողմէ, տեղացի թէ պաղեստինցի գաղթականներ: Եւ ազգագրական եզակիութիւնը այսպէսով խախտեցաւ…ի հաշիւ ուրիշ հայաւանի մը, որ Այնճարն է եւ որը ծնունդ առած էր Պուրճ Համուտէն 4-5 տարի ետք:
Այնճար կը շարունակէ պահել իր այդ անաղարտ դիմագիծը, մինչ Պուրճ-Համուտ օր ըստ օրէ կը կորսնցնէ իրը: Սակայն այս չէ իմ բնաբանս, ես ուրիշ բան պատմելու համար ճամբայ ելայ:
Ուրեմն հակառակ վերոնշեալին՝ Պուրճ Համուտը կը շարունակէ պահել իր եզակիութիւնը այլ կէտերու մէջ, որոնցմէ մէկն ալ այստեղ հաստատուած արաբ խանութպաններու եւ երբեմն ալ սովորական հայրենակիցներու հայերէնաիմացութիւնն է: Այո՛, սա այնպիսի իւրայատկութիւն մըն է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ,–ի բաց առեալ անշուշտ Հայաստանը,–միակ պարագան է, ուր օտարներ հայերէն կը սորվին իրերու բոլորովին բնական ու անբռնազբօս բերումով:
Պատկերացուցէք Լիբանանի ընդհանրապէս հարաւէն եկած արաբ երիտասարդներ, բայց նաեւ օտարահպատակներ՝ սուրիացի, եգիպտացի, յորդանանցի, սուտանցի եւ այլն, որոնք իրենց կեանքին մէջ հայ չեն տեսած եւ որոնք այստեղ հայահոծ թաղի մը մէջ պտուղի ու բանճարեղէնի խանութ կը բանան եւ կը սկսին առեւտուրի…հայերու հետ կամ նա՛եւ հայերու հետ: Եւ որովհետեւ հայը դժուարութիւն ունի արաբերէն սորվելու, այս մարդիկ կը ստիպուին իրե՛նք հայերէն սորվիլ, որպէսզի դրամ կարենան շահիլ ու ապրիլ:
Առաջին ամիսը կը սորվին թիւերը ու չափերը՝ մէկ քիլօ, մէկուկէս քիլօ, երկու ոսկի, չորս, հինգ , եօթը ոսկի կամ տոլար եւ այլն: Ապա կը սկսին սորվիլ ապրանքին անունը՝ նարինջ, վարունգ, հազար, բողկ:
Երկրորդ-երրորդ ամիսներուն կը սկսին կազմել իրենց առաջին կցկտուր նախադասութիւնները՝ շատ լաւ է, համով է, թարմ է, աժան է: Կամ՝ հիմա չկայ, մէկ ժամէն կը հասնի…: Նաեւ՝ անուշ ըլլայ, նորէն եկուր եւ այլն: Իսկ վեցերորդ ամիսը կամ ամենաուշը տարին չլրացած՝ արդէն հայերէն կը խօսին քիչ մը… ամէն նիւթի մասին:
Եւ…կամաց-կամաց կը հայանան:
Երբեմն շատ զաւեշտական պարագաներ ալ կը պատահին:
Կը ճանչնամ անոնցմէ մէկը. իսկական աժդահայ մը, գոնէ երկու մեթր հասակով եւ երկու հարիւր քիլօ քաշով, արաբական կամ արեւելեան բուրդէ գլխարկը մինչեւ աչքերը իջած, պեխերը ականջներուն հասած, մօրուքը ընդհանրապէս անխնամ, «մի զըռ չոբան»,– ինչպէս պիտի ըսէր Թումանեան,– որ սակայն…մաքուր ու ծեքծեքուն հայերէն մը կը խօսի, ծայրայեղօրէն կիրթ է եւ իսկոյն կը հրապուրէ քեզ: Չես կրնար առանց գնումի դուրս ելլել խանութէն, ընդհակառակը, քիչ մըն ալ կը տնտնաս, որ աւելի լսես զինք:
Կը ճանչնամ Ղասսան մըն ալ, որ ինքնամփոփ ու լռակեաց երիտասարդ մըն է, որուն հետ կարելի է երկար զրուցել,– եւ հաճոյքով կը զրուցեմ,– քիչ մը ամէն բանի մասին: Այնքան լաւ կը տիրապետէ հայերէնին: Կարծեմ հայ աղջկայ մը պարեգօտն ալ անցած է կեանքէն, չեմ գիտեր՝ իբրեւ նշանածի՞, թէ՞ իբրեւ ընկերուհիի,– եւ յուզումով կ’ակնարկէ թէ՛ հայերէնին, թէ՛ զայն խօսող աղջկան:
Առիթով մը, երբ տակաւին լաւ չէի ճանչնար զինք, միամտաբար հարցուցած եմ իրեն, թէ ինչո՛ւ «օտար» անուն կը կրէ:
Եւ այսպիսիները բացառութիւն չեն:
Ստորեւ պատկեր մըն ալ:
Տասը օր առաջ, արեւմտեան Ծնունդի առթիւ, հրաւիրուած էի կաթողիկէ բարեկամի մը տունը, ուր, իմինէն զատ, կը գտնուէին չորս ուրիշ ընտանիքներ կամ անոնց ներկայացուցիչները, չորսն ալ իրենց եթովպացի աղախիններով: Երբ երեկոյթը իր աւարտին կը մօտենար, ուզեցի զայն փակել գարեջուրով մը: Եւ որովհետեւ միջավայրին ծանօթ էի եւ չէի ալ ուզեր ուրիշը խանգարել, խոհանոց ուղղուեցայ ինքնասպասարկութեան համար: Ի՜նչ տեսնեմ. չորս աղախինները հաւաքուած էին իրե՛նց սեղանին շուրջ եւ ուրախ կը ճռուողէին…մաքուր հայերէնով:
Կայ սակայն աւելի ուշագրաւն ալ, որ հետեւեալն է. այս օտարներուն սորված հայերէնը զերծ է այն բոլոր լեզուական արատներէն, որոնց դէմ ի զուր կը պայքարինք մեր՝ հայ խմբագիրներու, հայ մտաւորականներու, հայ ուսուցիչներու աշխարհիկ թէ հոգեւոր բոլոր ծիրերէն ներս…առանց յաջողելու սրբագրել զանոնք: Օրինակ՝ ոչ մէկուն բերնէն լսած եմ փոխանցել, իբրեւ հետեւանք, իբրեւ արդիւնք, արդիւնքով, գծով, այն մասին, յետայսու եւ այս կարգի ճիւաղութիւններ, որոնք մերոնց հանապազօրեայ հացն ու սնունդն են:
–Աղէ՛կ,– պիտի ըսէք,– վերջին հաշուով՝ ովքե՞ր են ասոնց ուսուցիչները, որպէսզի քիչ մըն ալ մեր խմբագրատուները (առանց մոռնալու Երեւանի «Արմէնպրեսը»), դպրոցները, գրասենեակները, տուները, հեռաւոր թեմերն ու առաջմնորդարաններն ալ այցելեն ու հայերէն սորվեցնեն:
Մի՛ հարցնէք, որովհետեւ չեմ գիտեր:
***
Տարիներ առաջ կը խնամէի հիւանդ մը, որուն հետ ա՛լ մտերմացած էի, ինչպէս սովորաբար կը պատահի հաւատարիմ յաճախորդներուն հետ:
Մօտաւորապէս 20-25 տարուան ծանօթութիւն մը ունէինք արդէն, երբ օր մը ժամադրութիւն խնդրեց կնոջը համար: Եւ քանի մը օր ետք դարմանատունս մտաւ անոր հետ: Գլուխէս սառ ջուր թափեցաւ. կինը վերէն վար սեւ հագած, լաչակաւոր իսլամուհի մըն էր: Այլայլեցայ, շփոթեցայ, բառերս կորսնցուցի, բայց եւ այնպէս, միւս կողմէ, ցոյց տուի աթոռը, ինքս ալ տեղաւորուեցայ ու անցայ գործի, մինչ ամուսինը, քիչ անդին նստած, կը հետեւէր այս բոլորին:
Կը զգայի, որ մտերմութեան վտիտ կապը փրթած էր մեր միջեւ. լռութիւն կը տիրէր, ճնշիչ լռութիւն մը…գոնէ ինծի համար: Կը փորձէի առ ի քաղաքավարութիւն խզել զայն, նիւթ մը գտնել ու վերահաստատել կապը, սակայն չէի յաջողեր: Երբ վերջապէս շատ անճարակ, բայց հաւանաբար նաեւ անիրաւօրէն ըսի, կարծես անոր դատաւորը ըլլայի.
– Իսլամի հետ ամուսնացեր ես:
– Ի՞նչ,– հարցուց՝ չըմբռնելով ակնարկութիւնս:
– Ինչո՞ւ իսլամի հետ ամուսնացեր ես,– վրայ բերի, այս անգամ՝ անիրաւուածի պահանջատիրական զգալի շեշտով մը:
– Ի՞նչ կը խօսիս,– հակադարձեց ան շլմորած՝ անհանդարտ շարժելով աթոռին, կարծես փուշի վրայ նստած ըլլար:
– Եղբա՛յր, ի՞նչն է անհասկնալին. ինչո՞ւ իսլամի հետ ամուսնացած ես:
– Բայց, հաքի՛մ, ե՛ս ալ իսլամ եմ,– ըսաւ՝ աչքերը լայն բացած, ու հիմա…ի՛մ կարգս էր շլմորելու եւ աթոռիս զիս նեղող փուշերէն անհանգստանալու:
– Բարեկա՛մ, այսքան ատեն է մաքուր հայ էիր ալ, հիմա իսլամութի՞նդ բռնեց:
Եւ ահա ան լայն ժպտելով ու հանդարտած պատմեց, որ պատանի հասակէն աշկերտը դարձած է հայ դերձակի մը, որմէ արհեստին հետ սորված է նաեւ անոր լեզուն, եւ հիմա, տասնամեակներէ իվեր, հաշտ ու համերաշխ կը շարունակէ ծառայել նոյնին հաստատութեան մէջ, որուն վերակացուն ալ դարձած է, շրջապատուած հայ արհեստաւորներով, եւ այնուհետեւ հայերէնը դարձած է իր երկրորդ լեզուն, որուն համար շատ ուրախ է եւ շատ կը սիրէ զայն:
Այս ալ…այսպէ՛ս:
Արմենակ Եղիայեան