Արենիի Հնագիտական Վայրերը Զբօսաշրջութեամբ Պահպանելու Ջանքեր

Երկու տարի առաջ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին գիտնականներուն կողմէ Արենիի մէջ բացայայտուած աշխարհի ամենահին գինիի գործարանին, ինչպէս նաեւ աւելի կանուխ գտնուած աշխարհի ամենահին կօշիկին ու հնագիտական արժէք ներկայացնող շարք մը այլ բացայայտումներուն հետեւանքով, շրջանի քարայրները դարձած են նաեւ գողերու թիրախ: Կարգ մը պարագաներու՝ գողերու միջամտութիւնները նաեւ վնաս հասցուցած են հետախուզական աշխատանքներուն:
Նշեալ համալսարանի հնագիտութեան «Քոսթին» կեդրոնի տնօրէնն է Չարլզ Սթանիշ, որուն առաջնորդութեամբ աշխատանք կը տարուի Արենիի մէջ բանալու թանգարան մը, որուն տնօրինումը ամբողջութեամբ պիտի յանձնուի տեղացիներուն: Ասոր նպատակն է շրջանի տնտեսութեան բարելաւումով՝ նուազեցնել գողութեանց դրդապատճառները, ապահովելով հնութիւններու պահպանումը:

Սթանիշ կը յայտնէ, թէ Արենիէն կ՛անցնի տարեկան աւելի քան 60,000 զբօսաշրջիկ, որոնցմէ միայն 3500ը ժամանակ կ՛անցընէ շրջանին մէջ: Ան կը յուսայ, որ թանգարան, ինչպէս նաեւ գինի համտեսելու կեդրոն մը բանալով եւ տեղացիներուն յարմար պայմաններով վարկեր ապահովելով՝ կարելի պիտի ըլլայ զարկ տալ շրջանի տնտեսութեան, եւ նշելով, թէ նման փորձեր արդէն իսկ յաջողած են աշխարհի տարածքին չքաւոր բնակչութիւն ունեցող վայրերու մէջ, ուր կան հնագիտութեան համար արժէքաւոր տեղեր: Ան կը շեշտէ, թէ այս նպատակներուն հասնելու համար, յոյժ կարեւոր է տեղացիներուն հետ սերտօրէն գործակցիլը:

Նշենք, թէ Սթանիշ մեր համայնքի մշակութային կեանքի գործօն դերակատարներէն՝ ատամնաբոյժ Մհեր Պապեանի փեսան է:

http://asbarez.com

Scroll Up