Հայաստանի 2018 Թուականի Ողիմպիական Առաջին Յաջողութիւնները

2018 թուականի յունուար 10-16 Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Ժաուտիկովեան միջազգային 14-րդ ողիմպիական, որուն մասնակցած է նաեւ ՀՀ դպրոցականներու խումբը: Հայաստանի խումբը ներկայացուցած է 18 դպրոցական` Ա. Շահինեանի անուան ֆիզմաթ յատուկ դպրոցէն եւ Քուանտ վարժարանէն:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ կրթութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, Հայաստանի երկու խումբերը նուաճած են 7 մետալ` 2 ոսկի եւ 5 պրոնզ: Ֆիզմաթ դպրոցի խումբէն մետալներու արժանացած են` Գէորգեան Դաւիթ /բնագիտութիւն, ոսկէ մետալ/, Մաղաքեան Գագիկ /ուսողութիւն, ոսկէ մետալ/, Մարտիրոսեան Վահան / ուսողութիւն, պրոնզէ մետալ/, Կարագուլեան Վահէ / ուսողութիւն, պրոնզէ մետալ/, Սարգսեան Էմմա / բնագիտութիւն, պրոնզէ մետալ/: Քուանտ վարժարանէն պրոնզէ մետալներու արժանացած են` Կարալեան Ալեքսանդր /ուսողութիւն/, Անդրէասեան Սամուէլ /ինֆորմատիքս/:
ՀՀ խումբերը ղեկավարած են Ա. Շահինեանի անուան ֆիզմաթ յատուկ դպրոցի ուսողութեան ուսուցիչ Տիգրան Սարդարեան եւ Քուանտ վարժարանի բնագիտութեան ուսուցիչ Գրիգոր Աղաբաբեան:
Նշենք, որ այս տարի ողմպիական մրցումներուն մասնակցած է 15 պետութեան 68 խումբ: