Հայաստանի Քաղաքացիները Տաճիկստան Կրնան Այցելել Առանց Վիզայի

Հայաստանի եւ Տաճիկստանի քաղաքացիները փոխադարձաբար իրարու երկիրներ կրնան այցելել առանց վիզաներու: Հայաստանի Ազգային ժողովը միաձայն ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Տաճիկստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ քաղաքացիներու փոխադարձ այցելութիւններու մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրինագիծը, որուն միաձայն կողմ քուէարկեց 92 պատգամաւոր:
Համաձայնագիրով կէս տարուան ընթացքին քաղաքացին կրնայ անընդմէջ կամ ընդմիջումներով մնալ միւս երկրին մէջ, բայց ոչ աւելի, քան 90 օր: Համաձայնագիրին մէջ յստակեցուած է, որ սա այն պարագային, եթէ պետութիւնը իր օրէնսդրութեամբ աւելի դիւրին պայմաններ չստեղծեր: