Արհեստավարժ Շրջանակի Մէջ Թուրքիան Առաջին Անգամ Ներկայացուցած Հայը. Կարպիս Զաքարեան

Արհեստավարժ բռնցքամարտի շրջանակին մէջ Թուրքիոյ հանրապետութիւնն առաջին անգամ ներկայացուցած է ազգութեամբ հայ Կարպիս Զաքարեանը: 1930-ին Պոլսոյ հայկական Շիշլի թաղամասին մէջ ծնած հայ բռնցքամարտիկը Թուրքիոյ մէջ յայտնի է «Երկաթէ բռունցք» մականունով:

Զաքարեան ստիպուած էր 5-րդ դասարանէն լքել դպրոցը եւ փոստատար աշխատիլ` ծնողները օգնելու համար: Հայ բռնցքամարտիկը մարզական կեանքը սկսած է 14 տարեկանէն: 1948 թուականին ան Թուրքիոյ մէջ կը դառնայ ախոյեան 48 քկ քաշային կարգին մէջ,, իսկ 1951-ին` երկրի առաջին արհեստավարժ բռնցքամարտիկը:

Իր մարզական կեանքին ընթացքին աշխարհի տասնեակ երկիրներու մէջ ան մասնակցած է 206 սիրողական եւ 50 արհեստավարժ բռնցքամարտի մրցաշարի, տարած 226 յաղթանակ, ունեցած ընդամէնը երկու «Նոք աութ»: 1960-ականներու վերջերուն միջազգային մարմնամարզութեան մէջ Թուրքիոյ փառք բերած Զաքարեան կը սկսի մարզչական գործունէութեամբ զբաղիլ:

88-ամեայ բռնցքամարտիկն այժմ իր տիկնոջ հետ կ՝ապրի Պոլսոյ Շիշլիի մէջ: Անոր մարզական  եւ անձնական կեանքի մասին պոլսահայ գրող Արամ Քուրան եւ թուրք գրող Էրտէն Աքթողուն գիրք  համահեղինակած են` Պոլսոյ Երեք խորան եկեղեցիի հիմնադրամի աջակցութեամբ, կը գրէ panarmenian.net-ը:

Scroll Up