ԹՄՄ վարչութիւնը կը պատուէ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբի հիմնադիրներէն՝ Յակոբ Վարդիվառեանը

ԹՄՄ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբի վարչութիւնը իր հիմնադրութեան 15ամեակը նշեց հանդիսաւոր ճաշկերոյթով մը: Երկօրեայ բարեյաջող ներկայացումներու նախագահութիւնը ստանձնած էր նախկին Պէյրութահայ միջազգային առեւտրական ու գաղութէն ներս բարեսիրտ ազգային Հենրի Տիմիճեանը: Այս առիթով հրատարակուեցաւ նաեւ գեղեցկօրէն պատրաստուած արժէքաւոր յիշատակի ալպոմ մը, որ կը խորհրդանշէր 15 ամեակը թատերախումբին: Կիրակի Նոյեմբեր 24, 2013-ին, Թենըֆլայի Սբ. Թովմաս եկեղեցւոյ սրահին մէջ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբը մշակութային ճոխ երեկոյթի մը ընթացքին պատուեց թատերախումբին իրենց անսակարկ ծառայութիւնը բերող ու համեստօրէն գործող անձնակազմը:

Ճաշկերոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին ԹՄՄ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբի հիմնադիր անդամներ, ՌԱԿ Մեծագոյն Նիւ Եորքի հաւատաւոր անդամներ, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ մեծ ընտանիքին բարեկամներն ու հարազատները:

Երեկոյթին հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր Տիրան Ճեպեճեան, որ իրեն վայել բեմականութեամբ վարեց պատուոյ երեկոյթը: Ամերիկայի այս ափերուն, երկօրեայ դրութեամբ Հայ թատրոնի խաղարկութիւն մը դիտելէ ետք, հայկական ճոխ երեկոյթի մը ներկայ գտնուելով, միայն կարելի էր ապրիլ հայու հպարտութիւն մը, որ ոչ միայն տարբեր էր այլ մթնոլորտներէ, այլեւ նոյնինքն հայկական այն երեւոյթներէն, որ օտար մշակոյթներու խառնարանի մը պատկերը կրնային ներկայացնել: Երեկոյթի ընթացքին ճոխ տրամադրութեամբ կը հնչէր հայ երգն ու երաժշտութիւնը, շնորհիւ Սբ. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ «Յոյսեր» երաժշտական խումբին, ղեկավարութեամբ Յարութ Պարսամեանին: Այդ օր բացառիկ գեղեցկութեամբ մեկնաբանուեցան հայկական դասական երգերը կատարողութեամբ Մարիա Պարսումեանի, Տիրան Ճեպեճեանի եւ Յարութ Պարսումեանի, որոնք թէ՛ բեմական կատարողութեամբ եւ թէ՛ երաժշտական տաղանդով օժտուած հանդէս եկան հայկական սիրուած երգերով: Մշակութային յայտագրին իր մասնակցութեամբ ելոյթ ունեցաւ Հայկական ռատիօժամի խօսնակ «դէմքեր եւ դէպքեր» բաժնի վարիչ Տիկ. Սեդա Ճեպեճեան, ասմունքելով Յովհ. Շիրազի «Երեւանն է Կանչում» քերթուածը:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անունով շնորհաւորական խօսք փոխանցեց Պայծիկ Գալայճեան: Ան յետադարձ ակնարկ մը նետելով թատերախումբին պատմական անցեալին՝ յայտնեց «բոլորս քաջատեղեակ ենք թէ ինչպիսի դժուար պայմաններու մէջ ստեղծուեցաւ ան, որովհետեւ անոր անհրաժեշտութիւնը կը զգացուէր ամէնուրեք: Արդարեւ խոր հաւատքով ու թէքէեանական ոգիով տոգորուած աշխատանքին շնորհիւ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբը շարունակեց իր գոյերթը ու մեզի փոխանցուած ջահը անմար պահելով՝ լուսաւորեց իր ընթացած ուղին, ճամբայ բանալով յաջորդական նորահաս սերունդին»: Արժեւորելով մկրտչեանականներուն ծաւալած գործունէութիւնը, ան անդրադարձաւ, թէ «15 ամեայ իր ճանապարհին, հայ թատերարուեստի պատմութեան մէջ ԹՄՄ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբը իր իւրայատուկ դրոշմը ձգելով, հայ բեմին վրայ տողանցեցին հպարտօրէն, ներկայացնելով համաշխարհային եւ ազգային լաւագոյն գործեր եւ այդպիսով՝ հայ մշակոյթի ստեղծարար դաշտին մէջ պահեցին հայ հանդիսատեսը»: Գալայճեան իր երախտագիտական խօսքը ուղղելով Մեծագոյն Նիւ Եորքի ԹՄՄ-ի ատենապետին՝ Յակոբ Վարդիվառեանին, «որ  նուիրեալ ու անշահախնդիր իր էութեամբ, ան հանդիսացաւ առաջնորդող լուսաւոր փարոս մը թէ՛ տեղւոյն մասնաճիւղին եւ թէ՛ թատերախումբին ընդհանրապէս»:

ԹՄՄ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբի անունով իր սրտի խօսքը փոխանցեց թատերախումբի հիմնադիր անդամներէն Յարութ Չաթմաճեան, որ իրեն վայել իւրայատուկ «հիւմըր»ով ներկայացուց օրուան մեծարեալ՝ Յակոբ Վարդիվառեանը:

Արդարեւ, Չաթմաճեան իր խօսքէն ետք ան բեմահարթակ հրաւիրեց Յակոբ Վարդիվառեանը, ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան վարիչ տնօրէն՝ Պայծիկ Գալայճեանը եւ երեկոյթը նախագահող ԹՄՄ ազնիւ բարերար՝ Հենրի Տիմիճեանը յանձնելու համար ԹՄՄ-ի վարչութեան կողմէ նուիրուած պատուոյ: Իր կարգին Վարդիվառեան փոխանցելով յաւուր պատշաճի իր խօսքը, անդրադարձ մը կատարեց ԹՄՄ գաղափարախօսութեան: Վարդիվառեան յատուկ երախտագիտական իր խօսքը ուղղեց բոլոր անոնց որոնք ձեռք ձեռքի տալով հիմը դրին ԹՄՄ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբին, հաւատալով անոր առաքելութեան եւ տեսիլքը ունենալով այսօրուայ յաջողութիւնը տեսնելու: Ան իր շնորհակալական ամենաջերմ խօսքերը յայտնեց ԹՄՄ-ի հաւատաւոր բարեկամ, երկօրեայ թատերական երեկոյթներու նախագահութիւնը սիրով ստանձնող Հենրի Տիմիճեանին, որ խոր հաւատք տածելով Հայ երիտասարդութեան, անոր ընդմէջէն կրնայ տեսնել վաղուան յաջողակ Հայ անհատը:

Արդարեւ, վարչութիւնը արժանավայել կերպով պատուեց թատերախումբի անդամները, գործող անձնակազմն ու բեմադրիչ՝ Գագիկ Կարապետեանը, որ տարիներու վրայ երկարող հաւատարմութեամբ, արուեստի սերմեր ցանեց թատերախումբին ու պարախումբին մէջ եւ այժմ յաղթահարելով 15 երթը, կ’ուղղուին դէպի նորանոր յաջողութիւններ:

Շնորհաւորական իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Նիւ Եորքի Համազգային Մշակութային Միութեան ատենապետ Հրանդ Մարգարեան, որ շնորհաւորելէ ետք ԹՄՄ-ը իր նորանոր թատերական նուաճումներուն կապակցութեամբ, ան խօսքը ուղղելով օրուան մեծարեալ՝ Յակոբ Վարդիվառեանին, բարձր գնահատելով անոր ծաւալած գործունէութիւնը, յոգնիլ չգիտցող անձնաւորութիւնը եւ վերջապէս անոր մէջ անսասան կերպող ապրող Ռամկավարը, յայտնեց թէ հակառակ որ իրենք երկուքը տարբեր գաղափարախօսութիւններով առաջնորդուող անհատներ են, սակայն երկուքին ալ գերագոյն սէրը Հայրենիքն է, որ ամէն բանէ վեր է:

Եզրափակելով երեկոյթին հանդիսաւոր բաժինը թատերական վարչութիւնը բեմահարթակ հրաւիրեց Տէր եւ Տիկ Վարդիվառեանները հատելու համար կարկանդակը: Վարչութեան վաստակաւոր անդամներէն՝ Միսաք Պօղոսեան յարմար նկատելով առիթը դրուագներ պատմեց  թատերախումբի անդամներու առօրեայէն համեմելով անոնց ընկերային կեանքի երեւոյթները, որմէ ետք յաւուր պատշաճի յատկանշական պարգեւատրում մը կատարեց Տիկ Մարի Զօքեանին, որ 15 տարուայ տեւողութեան ընթացքին ոչ մէկ ճիգ խնայած էր Թէքէեանին ու թատերախումբին յառաջընթացին սատար հանդիսանալու համար:

Յետ հանդիսաւոր արարողութեան, ներկաները ուրախութեամբ հետեւեցան մինչեւ ուշ երեկոյեան շարունակուող հայկական ճոխ յայտագրին, ուր հին ու նոր թէքէեանցիներ իրենց ազգային նկարագրի խանդավառութեամբ առաւել եւս շէնցուցին մթնոլորտը, կենացներ բարձրացնելով յանուն Հայրենիքին, Ազգին ու Թէքէեանին:

                                                                                                                                 Ներկայ մը

 unnamed (12) unnamed (13) unnamed (14) unnamed (15)

Scroll Up