Մայքըլ Սրուրեան Կը Շահի Արցախի Ազատագրական Շարժման 30ամեակին Նուիրուած Լոկոյի Մրցոյթը

 Արցախի Ազատագրական շարժման 30րդ տարեդարձին նուիրուած աշխատանքները համադրող յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ իր որդեգրելիք լոկոյին համար յայտարարուած մրցոյթը շահած է Մայքըլ Սրուրեանի ստեղծագործութիւնը:

Ինչպէս խոստացուած էր, Սրուրեան պիտի ստանայ արցախեան գորգ մը՝ առ ի գնահատանք իր ներդրումին:

Չորս այլ մասնակիցներ՝ Յովիկ Զեքի, Ալեքս Քաւլաքեան, Անտրէյ Սարգսեան եւ Միքայէլ Լուժան, պիտի ստանան գնահատանքի յատուկ վկայագիրներ:

Scroll Up