Ֆրանչիսկոս Պապ կը Մեկնի Լատինական Ամերիկա. Քահանայապետական 22-րդ Միջազգային Մամբորդութիւն

«Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզ» եւ «միացած յոյսի մէջ» ասոնք ենք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ օրերուն Չիլի եւ Փերու կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան կարգախօսները։ Ըստ «Ռատիօ Վատիկան»-ի՝ առաջինը որ կը հայի Չիլիի առաքելական ճամբորդութեան՝ քաղուած է Յովհաննէս Աւետարանիչէն (Գլ. 14,27) մինչ երկրորդը, որ կը հայի Փերուի ճամբորդութեան՝ հրաւէր մըն է «միսիոներական վերազարթօնքի»։
Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոսէն ետք, երկրորդ քահանայապետն է որ կ՛այցելէ այս երկու երկիրները։ Արդարեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ՝ Չիլին այցելած է մէկ անգամ 1987-ի ապրիլին ու այդ ճամբորդութեան առթիւ Երանելիներու շարքին դասած է Քոյր Թերեզա Տէ Լոս Անտէսը, ապա նախագահած է Ամերիկայի Աւետարանութեան 500-րդ Յոբելեանի պատարագը։ Երջանկայիշատակ Քահանայապետը ապա Փերուն այցելած է երկու անգամ, առաջինը՝ 1985-ի փետրուարին, որուն առթիւ Երանելի հռչակած է Քոյր Անա Տէ Լոս Անճելէս Մոնդէակուտօն ու ձեռնադրած է 47 քահանաներ, մինչ երկրորդ ճամբորդութիւնը որ տեղի ունեցած է 1988-ին, տեւած է միայն մի քանի ժամ, որուն առթիւ Լիմայի մէջ սուրբ պատարագ մատուցած է Պոլիվիան երկիրներու Մարմեան եւ Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովին առիթով։
Համապատասխանելով Չիլիի եւ Փերուի նախագահներուն ու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու հրաւէրին, Ֆրանչիսկոս Պապ, իր կարգին, կը պատատուի կատարելու իր քահանայապետութեան 22-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը։ Այս երկու երկիները կը հանդիսանան Ֆրանչիսկոս Պապին այցելած թիւ 32 եւ 33 երկիրները։
Յայտնենք թէ Պերկոլոյ Քահանայապետը մէկ ու կէս տարի ապրած է Չիլիի մէջ ու յաճախ այցելած է նաեւ Փերուն որով մօտէն կը ճանչնայ երկու երկիրներուն իրավիճակը։
Առաքելական ճամբորդութեան նպատակը կը մնայ միշտ հովուական։ Քահանայապետը այդ երկիրները կ՛այցելէ իր մօտիկութիւնը բացայայտելու տեղական քրիստոնեայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն ու զանոնք ամրապնդելու իրենց հաւատքին մէջ։
Չիլէի պարագային, 17 միլիոն բնակչութեան 57 առ հարիւրը կաթողիկէ են։ Վերջին տարիներուն երկրին մէջ տարածուած աշխարհականացումը, երկրին բնակչութեան 17 առ հարիւրը բողոքական են մինչ այլ կրօններու պատկան հաւատացեալներու թիւը կը հասնի 5 առ հարիւրի ու մնացածները անաստուած են։
Չիլիի Եկեղեցին ունի 27 Թեմեր մինչ Փերուի եկեղեցին ունի 45 թեմեր։ Այս վերջինս ապա ունի 21 միլիոն բնակչութիւն որուն 81.3 առ հարիւրը կաթողիկէ են։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը սկիզբ կ՛առնէ 15 Յունուար առաւօտեան երբ հրաժեշտ առնելէ ետք Վատիկանէն կ՛ուղղուի Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան որտեղէն կը մեկնի՝ 8.30-ին ու 15 ժամ 40 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք, տեղական ժամով 20.10 անց կը ժամանէ Չիլիի Սանթիակօ միջագգային օդակայան, սաւառնելէ ետք 10 երկիներու օդային տարածքներուն վրայէն, որոնց ղեկավարներուն Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղէ բարեմաղթական հեռագիրեր։
Յայտնենք թէ 22-րդ առաքելական ճամբորդութեան այս ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի արտասանէ 21 պաշտօնական ճառեր եւ քարոզներ որոնցմէ 9-ն Չիլիի մէջ (չորս Ճառ, երեք քարոզ եւ երկու ողջոյնի խօսք) ապա 12-ը Փերուի մէջ. (5 ճառ, 3 քարոզ, 2 ողջոյնի խօսք, մէկ աղօթք ու մէկ Մարեմեան Աղօթք)։ Բացի վատիկանեան Պատուիրակութենէն Քահանայապետին հետ կը ճամբորդեն նաեւ 70 լրագրողներ։
Քահանայապետական 22-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը վերջ պիտի գտնէ 22 Յունուար 2018-ին