Մասաչուսէցի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ 20-ամեակի Նշում

Դեկտեմբեր 9-ին, յատուկ յայտագրով մը նշուեցաւ Պելմոնթի (Մասաչուսէց) Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ քսանամեակը: Հակառակ աննպաստ օդին, աւելի քան երկու հարիւր ներկաներ ժամանած էին եկեղեցւոյ սրահը: Այս առթիւ, Քալիֆորնիայէն ժամանած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Միքայէլ Եպսկ. Մուրատեանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայրենիք» շաբաթաթերթը։
Օրուան հանդիսավարն էր Մարալ Տէր Թորոսեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց եւ բեմ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հովիւ վարդապետ Անտոն Ադամեանը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ, հակառակ տեղատարափ ձիւնին , հոծ բազմութեան ներկայութիւնը փաստ մըն է, որ այս հաւատացեալները որքան կառչած կը մնան իրենց ծուխին:
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Միքայէլ Եպսկ. Մուրատեան իր կարգին շնորհաւորեց ներկաները եւ բեմ հրաւիրեց օրուան հիւրերը՝ տէր եւ տիկին Նշան եւ Մարգարիտ Աթինիզեան: Առաջնորդ Մուրատեանը Աթինիզեան ամոլին յանձնեց յուշանուէրներ, որոնց կարգին Վատիկանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ հրատարակուած դրոշմաթուղթեր:
Տարիներ շարունակ եկեղեցւոյ ծառայած եւ հոգաբարձութեան անդամ՝ Մարսէլ Քարեան կարդաց Միտըլսէքսի շէրիֆ Փիթըր Գութուճեանի շնորյհաւորագիրը:
Օրուան գեղարուեստական յայտագրին ելոյթ ունեցաւ դաշնակահար Մարինէ Մարգրեանն – Քավլաքեանը եւ Ռաֆայէլ Յովհաննէսեան – Գեղամ Մարգարեան զոյգը: