13 Յունուար Տօն Անուանակոչութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

Ս. Ծննդեան ութերորդ օրը Յիսուս Քրիստոսի անուանակոչութեան տօնն է Գաբրիէլ հրեշտակապետի պատգամին համաձայն, որ տեղի ունեցաւ Աւետումին օրը, Յովսէփ եւ Մարիամ նորածին Յիսուսը տարին տաճար, հրէական օրէնքի համաձայն, թլփատել տուին եւ անունն ալ դրին Յիսուս։
Յիսուս անունը կը նշանակէ Փրկիչ, իսկ Քրիստոս՝ Օծեալ Տէր։ Յիսուս կ’անուանուի նաեւ հետեւալ անուններով  Մեսիա, Քրիստոս, Էմմանուէլ,Փրկիչ,Մեծ Վարդապետ.
Հրեաներու մօտ սովորութիւն էր, արու զաւակներու Աբրահամեան սերունդի եւ աստուածային ուխտի դրոշմը տալու համար, թլփատելը աւանդութիւն մըն էր: Նոյն միջոցին նաեւ, երեխային  անունը կը դրուէր, այսինքն  կը կատարուէր անոնց անուանակոչումը:
Թլփատումը, հրեաներու համար Եհովայի եւ Աբրահամի միջեւ կնքուած «ուխտ»ի յիշատակութիւնն է։
Քրիստոնէութեան տարածման սկզբնական շրջանին, նորադարձ  քրիստոնեայ հրեաներ շարունակեցին պահել իրենց այս աւանդութիւնը, որ աւելի վերջ  Պօղոս առաքեալի կողմէ արգիլուեցաւ։
Յիսուսի թլփատութիւնով  կը յարգուէր հաստատուած աւանդութիւն մը: Հայաստանեայց եկեղեցին, Յիսուսի Քրիստոսի  Անուանակոչութեան եւ Թլփատոթեան տօնը կը նշէ Յունուար 13-ին՝ որպէս անշարժ տօն, իսկ կաթոլիկ եկեղեցին՝ Յունուար 1-ին։
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Scroll Up