Պոլսահայ Աշակերտներու Ամանորեայ Նուէրը

Շուրջ 13 տարի է Պոլսոյ Մխիթարեան Սանոց Միութեան նախաձեռնութեամբ կ’իրականացուի «500 ծիծղուն աչք» ամանորեայ ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս ամէն աշակերտ Ձմեռ պապիկին կողմէ կը ստանայ իր երազած նուէրը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Լիլիթ Պօղոսեան, տարիներ առաջ ծրագիրը իրականացուած էր մէկ դպրոցի համար: Այժմ 6 պոլսահայ դպրոցներու շուրջ 640 աշակերտ անհատական նուէրներ կը ստանայ: Այդ դպրոցներու շարքին կը դասուի «Հրանդ Տինք» վարժարանը, որ դեկտեմբեր 28-ին իր յարկին տակ հիւրընկալեց «500 ծիծղուն աչք» ծրագիրի ամենաշռայլ Ձմեռ պապիկը, որ ջանասիրաբար ու անտրտունջ պատասխանեց երեխաներու նամակներուն ու բերաւ իրենց ուզած նուէրները: Երեխաներու խինդն ու ծիծաղը խառնուած էր ամանորեայ մանկական մաքուր երազին: «Հրանդ Տինք» վարժարանի սաները` իբրեւ շնորհակալութիւն, երգեցին «Փոքրիկ Հայաստան» երգը: Կը հաւատանք, որ այս նուէրները բարի սերմեր կը ցանեն մեր երեխաներու սրտերուն մէջ եւ տարիներ յետոյ իրենց պտուղները պիտի տան: Յիշեցնելով իրենց մանկութիւնը` ապագային անոնք պիտի ուրախացնեն ուրիշ հայ երեխաներ: