Լուսանկարելով Անիրական Կեանքը Արագած Լերան Վրայ․ National Geographic

National Geographic ամսագիրը պատմած է բրիտանացի լուսանկարիչ Թոպի Սմիթի Հայաստան կատարած ճամբորդութեան մասին: Լուսանկարիչը եղած է Արագած լերան վրայ, որ կը գտնուի կլիմայական փոփոխութիւններու բացասական ազդեցութեան տակ, անոր գագաթներուն սառոյցները կը հալին աստիճանաբար:
Սմիթ կը ծրագրէր Հայաստան գալ ամրան, երբ Արագած մագլցելու համար նպաստաւոր եղանակ կ՛ըլլար, սակայն ուղեւորութիւնը տեղի ունեցաւ Նոյեմբերին: Ան հասած է Արագածի գագաթ երկու ժամուան մէջ:
Թոպի Սմիթ իր «Երկինք եւ երկիր` Արագածի վրայ» նախագիծը իրականացուցած է, քանի որ յաղթած է “Արմերիա” դրամատան «Բացայայտէ՛ Հայաստանը» դրամաշնորհային ծրագրին: Տարին երկու անգամ շնորհուող դրամաշնորհը կը կազմէ $3000 եւ կրնայ օգտագործուիլ դէպի Հայաստան եւ երկրի մէջ ճանապարհորդելու, այստեղ ապրող մարդոց, մշակոյթը եւ բնաշխարհը լուսանկարելու համար:
Սմիթ լուսանկարած է գագաթին տեղադրուած սառցակալած խաչը: Այդ լուսանկարը անոր ամենասիրելին է, քանի որ կ՛արտացոլացնէ Հայաստանի խորհրդաւորութիւնը:
«Լեռը արտասովոր ուժով կը միաւորէ տարբեր մարդիկ: Արագածէն սկսող առասպելները կը հասնին ջերմ սրտերուն ու մտքերուն այն մարդկոց, որոնք այս երկիրը կ՛անուանեն տուն»,- կը գրէ ամսագիրը: