Երգ, Պար, Ցուցահանդէս. Ֆրանսայի Մէջ Արցախի Օրեր Կ՝իրականացուին

Արցախի Հանրապետութեան տարբեր քաղաքներու հետ բարեկամութեան համաձայնագիրներ կնքած ֆրանսական քաղաքներու մէջ կ՝իրականացուին մշակութային բազմապիսի ձեռնարկներ: Անոնք կ՝իրականացուին Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրերու ծիրէն ներս: Հերթը Մարսէյլի Լէ Բեն Միրապօ քաղաքինն է, որ այս օրերուն լեցուած է արցախեան մշակոյթի շունչով: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Մարսէյլ, նշած է, որ կ՝իրականացուի բաւական յագեցած ծրագիր:
«Կայացաւ ֆրանսահայ իրաւաբան Ժիրայր Կերկերեանի «Լեռնային Ղարաբաղ. Անջատման եւ ինքնորոշման միջեւ» գիրքին շնորհանդէսն ու քննարկումը: Մասնակցած եմ նաեւ ես, ներկայացուցած եմ Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտութեան պատմութիւնը, ներկայ իրավիճակը, Արցախի պետական հիմնարկներու առանձնայատկութիւնները եւ տնտեսական յաջողութիւնները»,- ըսած է Արտակ Բեգլարեան:
Գիրքի ներկայացման զուգահեռ կազմակերպուած է ֆրանսացի լուսանկարիչի աշխատանքներու ցուցահանդէս ` արցախեան թեմայով: Ցուցահանդէսին ներկայ եղած է քաղաքապետը` իր աշխատակազմով, մարզային ծերակուտական, Ֆրանսայի մէջ ԱՀ ներկայացուցիչը, հիւրեր, տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Լէ Բեն Միրապօ քաղաքին մէջ ձեռնարկներուն մեկնարկը տրուած է Յունուար 6ին, երբ կազմակերպուած է ընդունելութիւն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու, Ֆրանսայի խորհրդարանի նախկին պատգամաւորներու, տարբեր գործիչներու մասնակցութեամբ: Հայկական երգ ու պարը ներկայացուցած է Փարիզէն հրաւիրուած հայկական մշակութային խումբը: Արտակ Բեգլարեան տեղեկացուցած է, որ կը նախատեսէ հանդիպիլ տեղի հայ համայնքի եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներուն, որոնց հետ պիտի քննարկէ համագործակցութեան շարք մը ծրագիրներ:
Նշենք, որ Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրերու ձեռնարկներուն մեկնարկը տրուած էր Նոյեմբերին, երբ Արցախի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած էր Ֆրանսա: