Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Միացեալ Նահանգներ Մեկնած է

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Յունուար 9-ին, հայրապետական այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի բարերարներուն հետ` քննարկելու Մայր Աթոռին կողմէ իրականացուող զանազան ծրագիրներ:

Scroll Up