Լիբանանեան Գործարար Առաքելութենէն Ետք Նոր Ներդրումներ Կը Սպասուին Հայաստանի ՄԷջ

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի պատուիրակութիւնն ամփոփած է լիբանանեան գործարար առաքելութեան արդիւնքները, ըստ որոնց, նոր ներդրումներու եւ Հայաստանի մէջ արտադրութիւններ հիմնելու պայմանաւորուածութիւններ  ձեռք բերուած են:

Այցը տեղի  ունեցած է 2017-ի դեկտեմբեր 12-15:

Ինչպէս տեղեկացուցին Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի լրատուական ծառայութենէն, Գիւմրիի արհեստագիտութեան կեդրոնը եւ «MALIA Group» ընկերութիւնը յաջող բանակցութիւններէ յետոյ արդէն փաստաթուղթ  ստորագրած են: Լիբանանեան ընկերութիւնը որոշած է Գիւմրիի արհեստագիտութեան կեդրոնին մէջ գործող սկսնակներու  ծրագրային ապահովման, արհեստագիտական լուծումներու պատուէրներ տալ եւ վստահիլ առկայ լուծումներու սպասարկումը:

Քանի մը այլ պայմանաւորուածութիւններ բանակցութիւններու

 կամ քննարկումներու  փուլի մէջ են: «Tony’s food» ընկերութիւնը նպատակադրուած է սնունդի  կիսապատրաստ  համատեղ արտադրութիւն հիմնել Հայաստանի մէջ` ռուսական շուկայ արտահանելու նպատակով: «Meptico» ընկերութիւնը քաղցրաւենիքի եւ խմորեղէնի արտադրութեան համար նախատեսուած սննդային յաւելումներու, փոշիներու արտադրութիւն հիմնելու ծրագիր  կազմած է` նոյնպէս ռուսական շուկայ արտահանելու նպատակով:

Քննարկումներու փուլին մէջ է «Mike sports» ընկերութեան` Հայաստանի մէջ մարզական հագուստի եւ պարագաներու արտադրութիւն սկսելու ծրագիրը: «Management and Development International Company»-ն նպատակ ունի ներդրումներ կատարել ՀԶՀ-ի մշակած նախագիծերուն մէջ:

Արտաշատի մէջ լիբանանեան «Bycop home textiles» ընկերութիւնը արդէն կը հիմնէ գործուածքներու արտադրութիւն (գործարար ծրագիրը այցին հետ կապուած չէ), որուն ընթացքին ՀԶՀ խումբը խոստացած է աջակցիլ յետսպասարկման իր ամբողջ գործիքակազմով:

Scroll Up