Ուրուկուէյի Փունթա Տէլ Էսթէ քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ “Հայաստանի Հանրապետութիւն” հրապարակին

Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մօնթէվիտէոյէն եւ Փիրեափոլիս ամարանոցէն ետք, Հարաւայի Ամերիկայի ամենայայտնի ամարանոց-քաղաք, Փունթա Տէլ Էսթէի մէջ Կիրակի 7 Յունուար 2018-ին, պաշտօնական արարողութեամբ մը բացումը կատարուեցաւ “Հայաստանի Հանրապետութիւն” հրապարակին։ Մասնակցեցան զբօսաշրջիկութեան հայազգի նախարար Լիլիան Քէշիշեան, Մալտոնատոյի նահանգապետ Էնրիքէ Անթիա, Փունթա Տէլ Էսթէի քաղաքապետ Անտրէս Խաֆիֆ, ՀՀ դեսպան Տիկ. Էսթէր Մկրտումեան, Ուրուկուէյի Հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ արք. Գըլնճեան, հիւրաբար երկիրս գտնւող Աւետարանական Եկեղեցւոյ պատասխանատու Վեր. Ռընէ Լեւոնեան եւ բազմաթիւ հայ եւ ոչ հայ ներկաներու խումբ մը։

Արարողութիւնը սկիսբ առաւ Ուրուկուէյի եւ ՀՀ Հանրապետութեան օրհներգներով, որմէ ետք քաքաքապետը իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց։ Նոյնը կատարեցին նախարարուհին, Տիկ. Դեսպանը, ինչպէս նաեւ Մալտոնատօ Նահանգային Խորհուրդի մշակութային բաժինի տնօրէն Խորխէ Սէսբէտէս, որ շեշտը դրաւ հայ կնոջ ունեցած դերակատարութեան, քանի որ Հայրենի Իջեւանը եւ Փունթա Տէլ Էսթէն իբրեւ քոյր քաղաքներ, իջեւանցի երիտասարդ քանդակագործ Գոռ Դաւթեանի, հայ կնոջ կերպարին նուիրած քանդակը որ, բերուած էր Իջեւանէն որպէս նուէր, տեղ գտաւ հրապարակին կեդրոնը, Պր. Խորխէ Սէսբէտէս ըսաւ, “Ընտանիքի մը կեանքի կարեւորագոյն օղակը կինն է եւ յատկապէս հայ կնոջ դերը, այս հասկացողութեամբ, դարերու ընթացքին առաջնային հանգամանք կռած է ընտանիքը զօրացնելու գործին մէջ։ Ճիշդ այս մէկը նկատի ունենալով է որ այսօր, այս հրապարակին վրայ բարձրացող հայ կնոջ տիպարին նուիրուած այս քանդակը, ձեւով մը յարգանքի տուրք մըն է հայ կնոջ դերին որ շատ անգամ, իր լռութեան մէջ կորած, սերունդներ հասցուցած է։ Այստեղ կ՚արժէ դադար մը տալ եւ խորհրդածել թէ, մենք մեր մէջ արժէքներ ունինք սակայն չենք գնահատեր այն եռանդը, ճիգը, այն նուիրուածութիւնը որ կինը յառաջ տարած է, բոլոր համայնքներու կեանքին մէջ։ Կրկին շատ զօրաւոր շնորհակալութիւն մը յայտնենք անոնց, քանի որ կիները համբերութեամբ եւ սիրով, ընտանիքի հզօրացման մեծ դերը վերցուցած են” ըսաւ Խորխէ Սէսբէտէս: Բացման ժապաւէնը կտրելէ ետք սրբազան հօր օրհութեան աղօթքով աւարտեցաւ հանդիպումը։

Յիշեցնենք, որ այս հրապարակին հարցով 2015-ին, նախկին ՀՀ պատւոյ հիւպատոս Պր. Ռուբէն Աբրահամեանն էր, որ նախաձեռնեց այս կարեւոր գործը եւ յաջողցուց, որպէսզի Մալտոնատօ նահանգի խորհուրդը, միաձայնութեամբ որոշում կայացնէ եւ ՀՀ-ի հրապարակին համար տարածք յատկացնէ, ամարանոցի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն վրայ, ինչ որ իրականութիւն է այսօր։

Մեր կարծիքով, երբ արդէն մուտք գործած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակի տարին, Փունթա Տէլ Էսթէի “Հայաստանի Հանրապետութիւն” հրապարակի բացումը, մեծագոյն նուէր մըն է համայն հայութեան։

Կարօ Հէքիմեան

Scroll Up