ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Տէր Տիրատուր Քահանայ Սարդարեանը

Դեկտեմբեր 27–ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Գերմանիոյ Պատեն Վիւրթենբերկ երկրամասի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Տիրատուր քահանայ Սարդարեանը: Նախարարը բարձր գնահատեց Տիրատուր քահանայ Սարդարեանի գործունէութիւնը` նշելով, որ Հայ Առաքելական եկեղեցին Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան կարեւոր երաշխաւորներէն է:

Տէր Տիրատուրը նախարարին ներկայացուց Հայաստան գտնուելու իրենց առաքելութեան նպատակը, այն է` Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առիթով Գիւմրի քաղաքի 100 ընտանիքի եւ Տաւուշի մարզի Հովք գիւղի անապահով ընտանիքներուն աջակցութիւն տրամադրելը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հիւրին ներկայացուց Սփիւռքի նախարարութեան` սահմանապահ գիւղերուն աջակցութեան ծրագիրը, որուն նպատակը հայաստանեան սահմանապահ բնակավայրերու ընկերային, մշակութային, կրթական, առողջապահական խնդիրներու լուծումն է, եւ նշեց, որ արդէն քանի մը գիւղեր գտած են սփիւռքահայ բարերարներ: Տէր Տիրատուր քահանայ Սարդարեան ողջունեց նման ծրագիրի գաղափարը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց իր մասնակցութիւնը բերելու այդ աշխատանքներուն:

Հոգեւոր հովիւը կարեւոր համարեց Հայաստանի  զբօսաշրջային գրաւչութեան ներկայացումը Գերմանիոյ մէջ, այս թեմայով ժողովներու, հաւաքներու կազմակերպումը, որոնք Հայաստանը ճանաչելի կը դարձնեն ոչ միայն սփիւռքահայերուն, այլեւ գերմանացի զբօսաշրջիկներուն: Այս գործընթացին տէր Տիրատուր ընդգծեց յատկապէս հայաստանեան զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու աշխոյժ մասնակցութիւնը:

«2018 թուականի հոկտեմբերին Շթութկարտի մէջ Հայաստանի մշակութային օրերու ծիրէն ներս կը նախատեսենք կազմակերպել «Շնորհակա՛լ եղիր ամէն ինչի համար» խորագիրով ցուցահանդէս, որմով կը յայտնենք մեր երախտիքի խօսքը գերմանական այն կազմակերպութիւններուն, որոնք աջակցած են Հայաստանի 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքները վերացնելու աշխատանքներուն:Կը նախատեսենք հանդիպիլ նաեւ գերմանական զարգացման հիմնադրամներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ ներկայացնել Հայաստանի զարգացման ծրագիրները: Գերմանիոյ կառավարութեան յատկապէս կը հետաքրքրեն արեւային ուժանիւթի, էքոտուրիզմի ոլորտները»,-նշեց Տէր Տիրատուր քահանայ Սարդարեան:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց նման նախաձեռնութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ այն կրնայ դառնալ համաեւրոպական եւ ընդգրկել Եւրոպայի շարք մը հայկական համայքներ:

Սփիւռքի նախարարը հիւրին հետ քննարկեց նաեւ Սփիւռքի մէջ հայերէնի պահպանութեան հիմնախնդիրը: Որոշուեցաւ գալիք տարուան ընթացքին ստեղծել օտարալեզու հայ երեխաներուն համար հայոց լեզուի ուսուցողական ձեռնարկ:

Հանդիպման աւարտին Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց Տիրատուր քահանայ Սարդարեանը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ` մաղթելով առողջութիւն եւ շարունակական ազգանուէր գործունէութիւն:

 

Scroll Up