Թելմա Ալթունէն Ծար Համայնքի Երեխաները Հեծանիւներ Նուէր Ստացած Են

Հայ լեռնագնաց, արշաւորդուհի Թելմա Ալթունի նախաձեռնութեամբ այսօր Շահումեանի շրջանի Ծար համայնքի 7 երեխայ հեծանիւներ նուէր ստացան:
Այս մասին «Արցախփրես»-ին տեղեկացուցին ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութենէն:
Աղբիւրի փոխանցմամբ` նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի նպաստել Արցախի մէջ արկածային ու արշաւային զբօսաշրջութեան զարգացման:
Ծրագիրի իրականացման աջակցած են Հայ լեռնագնացներու միութիւնը եւ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը:
2017 թուականի մայիսին «Ճանապարհ» արշաւային երթուղով անցնելով շուրջ 280 քիլոմեթր` Թելմա Ալթուն Հայաստանէն հասաւ Արցախ:
Հայազգի արշաւորդուհիի նախաձեռնութեան հիմնական առաքելութիւնը դրամահաւաքի կազմակերպումն էր «Համահայկական Արշաւային Երթուղի» նախագիծին համար, որուն գլխաւոր նպատակն է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զարգացնել արկածային, արշաւային զբօսաշրջութեան ենթակառուցուածքները, գծանշել, քարտէզագրել Հայաստանի բոլոր արշաւային երթուղիներն ու ստեղծել ատոնք պատկերող առցանց քարտէզ մը: