«Արարատ» գիտութեանց միջազգային ակադեմիայի 8-րդ գիտաժողովը Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնի մէջ
Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, Արարատ Ակադեմիան իր միջազգային գիտաժողովը գումարեց Ժընեւ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ազգերու Պալատին մէջ, 11-13 Դեկտեմբեր 2017-ին։ 17 երկիրներէ եկած մասնագէտներու ներկայութեան, իր բացման ուղերձին մէջ Ակադեմիայի հիմնադիր նախագահը՝ Փրոֆ. Յակոբ Գրգեաշարեան յիշեցուց թէ իր հաստատութեան որդեգրած նշանաբանն է «Գիտութիւն խաղաղութեան համար», որուն իրագործումը կատարելու նպատակով կը գործակցի միջազգային կալմակերպութիւններու հետ՝ առանց ցեղային, կրօնական կամ լեզուական խտրութեան, վստահելով աստուածային աջակցութեան։
Հնէա-երաժշտագէտ Դոկտ. Եդուարդ Բարսեղեան գոռ շեշտերով երգեց Ակադեմիային համար իր հեղինակած «Արարատ» գովերգը, որմէ ետք տարբեր երկիրներէ եկած համալսարանական պատասխանատուներ իրենց գնահատութիւնը յայտնեցին։ Մասնաւոր յիշատակութեան արժանի էր ֆինլանտացի Ռայնիքայնըն ամոլին զեկուցումը, որ կը վերաբերէր այս զոյգին հիմնած «Խաղաղութեան աղաւնի» կազմակերպութեան։ Ըսուեցաւ թէ խաղաղութիւնը կիրարկուելու է նախ ընտանիքէն ներս, ուր կինը յարգելու է ամուսինը, զաւակները՝ ծնողքը. անկէ ետքն է որ ան կրնայ տարածուիլ ընկերութեան մէջ, եւ ապա գոյանալ ազգերու միջեւ։ Իրենց միջամտութիւնը աւարտեցին՝ այդ հիմնարկին յատուկ շուրջառով եւ ուրարով հանդիսաւորապէս զգեստաւորելով Արարատ Ակադեմիայի նախագահը։ Իսկ իտալացի Փրոֆ. Գ. Մենոթօ յայտարարեց թէ Սան Ռեմօ քաղաքին մէջ ծրագրած է գիտական միջազգային կեդրոն մը հիմնել՝ առողջապահութիւնը հետազօտելու եւ մարզիկներ դարմանելու համար։
Բացման հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ հայ գեղանկարչուհի Ասիլվայի բերած պատկերներու ցուցադրութեամբ։ Ասոնք գծուած էին 600 մանուկներու կողմէ՝ տարբեր երկիրներու մէջ (Հայաստան, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա, Լեհաստան, Պուլկարիա, Յունաստան, Թուրքիա, Միացեալ Նահանգներ, Չիլի, Փերու, Վենեզուելա, Թանզանիա եւ Աւստրալիա), որպէսզի անոնք սորվին թէ որքա՛ն կարեւոր է խաղաղութիւնը։ Հայ արուեստագիտուհիին յղացած ու կազմակերպած այս շրջիկ ցուցահանդէսին նպատակն է իրարու մօտեցնել համայն աշխարհի մանուկները, եւ անոնց վարժեցնել խաղաղութիւն սերմանել իրենց մէջ, իրենց շուրջ եւ իրենց երկիրը։ Այս ցուցահանդէսը նաեւ կ’արժեւորէ զանազան երկիրներու փոքրերուն արտայայտութեանց ճոխութիւնը՝ բխած իրենց մշակոյթէն։
Յետմիջօրէի առաջին մասը յատկացուած էր հիմնական եւ կիրառական գիտութիւններուն, իսկ երկրորդ նիստը՝ առողջապ՚ահութեան, բժշկութեան եւ կայուն զարգացման։ Պենինահպատակ Տոքթ. Գ. Տակպա խօսեցաւ նմանաբուժութեան մասին, իսկ Լիոնաբնակ Ա. Փեռօ ներկայացուց իր հնարած յեղափոխական շինանիւթը, որ կը կոչուի WBlock։ Հում նիւթը՝ կրաւազի եւ փայտի թափօններու խառնուրդ մըն է։ Անկէ կը շինուին՝ ի միջի այլոց՝ աղիւսներ, որոնք իրարու կ’ագուցուին «լեկօ» խաղի կտորներուն նման։ Տուներու կառուցումը չափազանց կը դիւրանայ անոր կիրարկումով, ծախսը կը նուազի, եւ մթնոլորտը չ՚ապականիր։ Համաշխարհային շուկան մօտ ատենէն պիտի ողողուի այս արտակարգ շինանիւթով։
Երկուշաբթի երեկոյ՝ վաթսունէ աւելի համագումարի մասնակիցներ ներկայ գտնուեցան Արարատ Ակադեմիայի մատուցած ճաշկերոյթին՝ Ժընեւի նշանաւոր պանդոկի մը հիւրասրահին մէջ։
Լեզուագիտութիւնն էր բնաբանը յաջորդ ամբողջ օրուան բոլոր նիստերուն, եւ անոնց վարիչն էր Նափոլիի համալսարանի Փրոֆ. Ճ. Ակրեսթի։ Աշխարհի մէջ ներկայիս կը խօսուին վեց հազար բարբառներ, իբր հետեւանք Բաբելոնի աշտարակին կառուցման կասեցման ու լեզուներու խառնակութեան՝ Արարչին կողմէ (Գիրք Ծննդոց 11. 1-9)։ Սակայն այս դէպքը պէտք չէ անէծք նկատուի, այլ՝ օրհնութիւն, որովհետեւ վերջիններուն զանազանութիւնը կ’արտաբերէ մարդկային հնարամտութեան ճոխութիւնը, թէեւ ապրանքներու շրջագայութիւնը կը դիւրանար եթէ միայն մէկ լեզու գոյութիւն ունենար։ Ընդհակառակը, այդ պարագային գիտական յառաջդիմութիւնը պիտի աղքատանար, մինչդեռ բազմալեզուութիւնը օգտակար է ծանօթութիւններու հարստացման ու կազմակերպութեան, քանի որ լեզուներն են զանոնք կառուցողն ու ձեւակերպողը։
Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Գանատայէն ու Կանայէն եկած լեզուաբաններ շեշտեցին կարեւորութիւնը գիտական ծանօթութիւններն ու տեղեկութիւնները տարբեր լեզուներով հաղորդելու։ Մշակոյթներու զանազանութիւնը մարդկային իրաւունք մըն է, ու երաշխիք կայուն զարգացման։ Գիտական հետազօտութիւններու մէջ երբեմն փոխաբերութիւններ կը գործածուին՝ նոր մտայղացքներ բացատրելու համար, եւ քանի որ անգլերէնն է ընդհանրացած լեզուն, ասոնց անուանումը կախուած է ամերիկեան մշակոյթէն, ինչ որ անհասկնալի կը դառնայ բառացի թարգմանութեամբ։ Հետեւաբար կարեւոր է գիւտերու յայտնաբերումը ներկայացնել մէկէ աւելի լեզուներով, մանաւանդ որ ասոնցմէ ոչ-գիտական սեպուածները՝ ինչպէս Ափրիկէի մէջ գործածուածները, թիւով մօտաւորապէս երկու հազար, կարող են նորարարութիւնները արտայայտել։
Երեքշաբթի օրուան չորս նիստերը վերջ գտան «Մուսիս» կոչուած շարժանկարին ցուցադրութեամբ։ Իտալիոյ Ֆրիուլ շրջանի մէկ գիւղին մէջ ապրող վարդապետներուն կեանքը կը նկարագրուի, որոնք տեղական լեզուով պատարագ կը մատուցեն՝ հակառակ Վատիկանի արգելքին։ Տեղացիները համոզուած են թէ լեզուն կորսնցնելով՝ միաժամանակ իրենց ինքնութիւնը կը թաղեն ու կ’օտարանան։
Վերջին օրուան առաջին նիստը յատկացուած էր խաղաղութեան, ղեկավարութեամբ «Ֆրանսական վերածնունդ»-ի նախագահ՝ Փրոֆ. Տ. Ֆատայի։ Ան դիտել տուաւ թէ իր կազմակերպութիւնը հիմնուած էր Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն՝ 1915-ին, Ֆրանսայի նախագահ Ռ. Փուանքարէի կողմէ, մշակոյթի միջոցով խաղաղութեան սատարելու համար։ Նպատակն էր երկխօսութիւն ստեղծել զանազան մշակոյթներու միջեւ, ու պահպանել փոքրամասնութեանց պատկանող լեզուները համաշխարհայնացման դէմ։ Հետեւաբար պէտք է պաշտպանել մշակութային այլազանութիւնը, որուն յարգանքը երաշխիքն է խաղաղութեան։ Բոլոր լեզուներն ալ մաս կը կազմեն մարդկութեան ժառանգութեան, անոր գեղեցկութիւնը կը ներկայացնեն, ուստի պէտք է գոյատեւեն։ Մէկը պէտք է քաջածանօթ ըլլայ իր սեփական մշակոյթին, որպէսզի կարենայ գնահատել ուրիշներունը։ Բաժնեկցելով է որ խաղաղութիւնը կը հաստատուի ժողովուրդներուն միջեւ։
Երկրորդ բանախօսն էր համբաւաւոր վիրաբոյժ, գիւտարար եւ ուսուցչապետ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան, որ բժշկագիտութեան մարզէն ներս վեց նորարարութիւններ կատարած է, ու երեք անգամ առաջարկուած՝ Նոպէլեան մրցանակին արժանանալու համար։ Երեք հարիւր դասախօսութիւններ տուած մեր հայրենակիցին 1977-ին հնարած ծաղկախտի դիմացկուն պատուաստը արմատախիլ ըրաւ այս հիւանդութիւնը, ցարդ 80 միլիոն կեանքեր փրկելով։ Սակայն ան ներկայիս կը պայքարի որպէս խաղաղութեան ախոյեան՝ խօսելով ու գրելով։ Իր հինգերորդ գրքին խորագիրն է «Խաղաղութեան մշակոյթներու կառուցում»։ Մ.Ա.Կ.-ի Ժընեւի կեդրոնի ամպիոնէն խօսեցաւ «Երկինք երկրի վրայ» նիւթին շուրջ։ Ունկնդիրներուն հարցուց թէ ի՛նչ է իւրաքանչիւրին համար դժոխքը առօրեայ կեանքին մէջ, ապա բացատրեց թէ ինչպէ՛ս կարելի է երկնային կեանք ապրիլ այս աշխարհին մէջ, իբր նշանաբան որդեգրելով՝ համագործակցութիւն փոխանակ մրցակցութեան, մինչդեռ վերջինն է որ կը տիրէ ամէն մարզի մէջ՝ դպրոցական, մարզական թէ քաղաքական։ Այն ատեն մարդիկ կ’ըլլան քաղաքավար, սիրալիր, երախտագէտ, ներողամիտ, վստահող՝ ո՛չ թէ կասկածամիտ, յարգալից, քաջալերող, գնահատող, գործակցող՝ հասարակաց հարցերը լուծելու համար, արդարամիտ, ճշմարտախօս, պարկեշտ, հեզահամբոյր ու խաղաղասէր։ Այն ատեն քննադատութիւնը, նենգութիւնը, բարկութիւնը, գրգռութիւնը, ատելութիւնը, ոխակալութիւնը, բռնութիւնն ու վրէժխնդրութիւնը կ’անհետանան, եւ համերաշխութիւն կը տիրէ անհատներու թէ ազգերու միջեւ՝ ի շահ ամենուն։
Աչքառու էր Մոսկուայի համալսարանին մէջ իրաւաբանութիւն դասաւանդող Փրոֆ. Գ. Հարթուիչի զեկուցումը՝ Հայկական հարցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ։ Ինք ռուսերէնէն անգլերէնի թարգմանած է Փրոֆ. Եուրի Բարսեղովի այս վերջին նիւթին նուիրած երկու ստուարածաւալ հատորները։ Իրեն յաջորդեց Միացեալ Ազգերու Վիեննայի կեդրոնի երբեմնի ընդհանուր քարտուղարը՝ Դոկտ. Սուրէն Սերայտարեան։ Ան հիմնադիր նախագահն է Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարին, եւ այս տարուան մէջ կազմակերպած է երկու համահաւաք՝ Փարիզի ապա Պէյրութի մէջ, որպէսզի Փոքր Ասիոյ ժողովուրդները, յատկապէս՝ հայեր, արաբներ, ասորիներ, քաղդէացիներ, յոյներ, թուրքեր, քիւրտեր, եզիտիներ, զազաներ, ապրին համերաշխութեամբ, հաշտութեամբ, երկխօսութեամբ, արդարութեամբ եւ ժողովրդավարութեամբ։ Մեծամասնութեան ու փոքրամասնութեան հնամենի հասկացութիւնները պէտք է փոխարինուին համայնքի մտածելակերպով, որպէսզի ո՛չ մէկը տուժէ։ Բոլոր քաղաքացիներն ալ հաւասար իրաւունքներ ու պարտականութիւններ ունենալու են, նաեւ հնարաւորութիւնը՝ իրենց ծննդավայր հայրենիքը վերադառնալու։ Իւրաքանչիւր անձ կարող է ու պէտք է դառնայ խաղաղութեան գործիչ մը, գոնէ իր անմիջական շրջանակին մէջ։
Այս առաջին նիստին վերջին զեկուցողն էր Արարատ Ակադեմիայի Երաժշտագիտութեան բաժնի պատասխանատուն՝ Դոկտ. Եդուարդ Բարսեղեան։ Ան խօսեցաւ 15-17 Յունիս 2017-ին Երեւանի մէջ իր կազմակերպած առաջին միջազգային գիտաժողով-փառատօնին մասին՝ «Առաջաւոր Ասիոյ երաժշտական ազգաբանութիւնը» վերնագրով։ Հայաստանաբնակ ասորի, քիւրտ-եզիտի եւ յոյն արուետագէտներ հիւրընկալեցին իրենց համապաշտօն վրացիներ, ապխազներ, չերքեզներ, լեզկիներ, քազաքներ եւ ուրիշներ։ Ասոնք իրենց ազգային երաժշտութիւնը ներկայացնելով՝ կազմեցին մշակութային ծաղկեփունջ մը ու բարեկամական փոխճանաչման մթնոլորտ մը։ Բոլորն ալ կը պատկանէին Կովկասի փոքր տարածքին վրայ ապրող ազատասէր ազգերու, ունենալով իւրայատուկ լեզու, պատմութիւն, աւանդութիւն եւ կրօն։ Ասոնք դարերու ընթացքին չարաշահութեան ենթարկուեցան հզօր, կայսերապաշտ տէրութիւններու կողմէ, որոնք բռնութեամբ զիրենք կը միացնէին կամ իրարմէ կ’անջատէին, դուռ բանալով անընդհատ ընդհարումներու, ինչպէս Ղարաբաղի պատերազմը։ Այս թնճուկը իր լուծումը կը գտնէ երբ ժողովուրդները վերադառնան հազարամեակներով ստեղծուած համակեցութեան աւանդոյթներուն, յարգելով միւսներուն մշակոյթը, կրօնը, լեզուներն ու աւանդութիւնները։ Հո՛ս է որ երաժշտութիւնը կը կատարէ խաղաղարար դեր մը, քանի որ ծնած է ամէն ժողովուրդի ծոցէն ու կը կրէ համընդհանուր մարդկային գաղափարները։ «Մեծն Կովկաս»-ի եւ յարակից սակաւաթիւ ժողովուրդներու ազգաբան-երաժշտագէտներու այս հաւաքը՝ Փառաքար աւանին մէջ կայացած փառատօնին հետ՝ վերահաստատեց հարեւան ժողովուրդներու մտաւորական կապը եւ յարգալից վերաբերումը իրարու մշակոյթին հանդէպ։
Չորեքշաբթի օրուան երկրորդ նիստը վարեց Փրոֆ. Թովմաս Էկլին, հիմնադիր նախագահը «Միջազգային Գիտութեան Նշանակէտ» ոչ-կառավարական զուիցերիական կազմակերպութեան, որ կը զբաղի մանուկներու թէ չափահասներու գիտական կրթութեամբ, ու կը ստեղծէ հանրութեան մասնակցութիւնը ապահովող գործունէութիւններ՝ փափաքող քաղաքներու կամ երկիրներու մէջ։ Իսկ յետմիջօրէին գումարուեցաւ վերջին նիստը, առաջնորդութեամբ Մոսկուայի Միջազգային բարձրագոյն ակադեմական խորհուրդի վերատեսուչ՝ Փրոֆ. Սանթի Ժաեասեքերայի։ Էսթոնիա բնակութիւն հաստատած Տոքթ. Ալպերթ Ստեփանեան բացատրեց քնէածութեամբ կատարած իր դարմանումները, իսկ ռուս բժիշկ Սերկէյ Փոտշիպեաքին շարժանկարով ներկայացուց իր հնարած «Մենամարտ գիծի վրայ» մարզաձեւը, որ մէկ վայրկեան կը տեւէ, ամենուն կը յարմարի՝ առանց տարիքի կամ սեռի խտրութեան, ու կը զարգացնէ երկու հակառակորդներու հոգեկան կարողութիւնները՝ դիմակալելու ջղապրկումը, եւ արագօրէն հակազդելու ծայրագոյն կացութիւններու։ Ըստ հեղինակին, ժողոդուրդներու համերաշխութեան եւ փոխադարձ ծանօթութեան պիտի նպաստէ այս նորահնար մարզաձեւը։
Ինչպէս կը տեսնուի, Արարատ Ակադեմիան՝ իր կազմակերպած միջազգային գիտաժողովով՝ անգամ մը եւս բարեկամական կապեր ստեղծեց զանազան երկիրներէ եկող մասնագէտներու միջեւ, անոնց ծանօթացուց Հայ դատը, եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան կառուցման։
Արի Թօփուզխանեան, Լիոն