Մեսրոպեանի աշակերտութիւնը նշեց Ամանորի և Սուրբ Ծննդեան տօները

Դեկտեմբեր 21-ին, նախքան արձակուրդի մեկնիլը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները եկեղեցական արարողութիւններով, հաւաքոյթներով եւ պտոյտներով նշեցին Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօները, ուրախութեան անխառն մթնոլորտ մը տարածելով ամբողջ դպրոցին մէջ:
Օրը սկսաւ Սուրբ Պատարագով եւ Կենդանի Մսուրի արարողութեամբ, որոնք տեղի ունեցան Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Մանկապարտէզի ծաղիկ դասարանի աշակերտները, աւանդութեան համաձայն, ներկայացուցին Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան պատմութիւնը, անգամ մը եւս ներկայ աշակերտները, ծնողները եւ Մեսրոպեանի անձնակազմի անդամները համակելով Լուռ եւ Սուրբ Գիշերուան Մեծ եւ Սքանչելի Խորհուրդով: Այս առիթով քարոզեց Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Տէր Ռաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան:
Մանկամսուրին եւ մանկապարտէզին մէջ տեղի ունեցան տօնական հաւաքներ, որոնց ներկայ եղան նաեւ ծնողներ: Երգով ու պարով խանդավառուած փոքրիկներուն ուրախութիւնը գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ Պապայի այցելութեամբ, երբ անոնք ստացան իրենց տօնական նուէրները:
Դպրոցական հաւաքներու աւարտին, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները մեկնեցան պտոյտներու՝ թատերական ներկայացումներու եւ տարբեր խաղերու մթնոլորտին մէջ շարունակելու համար տօնախմբութիւնները:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի