Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Սուրիահայ եւ Իրաքահայ Փախստականներուն Օգնելու Կոչ Ըրած է

Պոլսո հայոց պատրիարքարանը ամանորին ընդառաջ Պոլիս ապաստանած սուրիահայերուն ու իրաքահայերուն օգնելու կոչ ըրած է տեղի հայ համայնքին:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Պոլսոյ մէջ գտնուող մօտ 200 սուրիահայերուն ու իրաքահայերուն օգնելու համար պոլսահայերը կրնան կանխիկ գումար տալ Պոլսոյ շարք մը հայկական եկեղեցիներուն` նշելով նուիրատուութեան նպատակը:
Կը նշուի, որ օգնել ցանկացողները կրնան իրենց նուիրատուութիւնը իրականացնել մինչեւ Դեկտեմբեր 24: