Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի Հանգանակային Ընթրիքը

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ մարմինը (ՍԱՐՖ) Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13-ի երեկոյեան կազմակերպեց հանգանակային ընթրիք-ընդունելութիւն մը, գործնական մասնակցութիւն ցուցաբերելու համար Սուրիոյ հայ գաղութին ու մասնաւորաբար Հալէպի հայ համայնքի վերականգնումի ճիգերուն:
Ըստ «Ասպարէզ»-ի՝ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Չեւի Չէյս Քաունթրի Քլապ»-ին մէջ. պատուոյ հիւրն էր Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ եւ Սուրիոյ Հայութեան շտապ օգնութեան մարմինի ատենապետ Շահան արք. Սարգիսեան, որ անցած շաբաթասկիզբ Լոս Անճելըս ժանամած էր: Ներկայ էին նաեւ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու առաջնորդները, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց պատասխանատու ներկայացուցիչներ, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներէն՝ Էնթընի Փորթանթինօ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն՝ Զարեհ Սինանեան, բարերարներ եւ ՍԱՐՖ-ի բարեկամներ:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ ուղղեց իր պատգամը: Առաջնորդ սրբազանին կ՛ընկերանային առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան, ինչպէս նաեւ Կրօնական ժողովի ու Ազգային վարչութեան անդամներ:
Բացման խօսքը արտասանեց ՍԱՐՖ-ի քարտուղարուհի Սոնա Մատարեան, որ ողջունեց հիւրերն ու ներկաները: Ատենապետը՝ Րաֆֆի Քենտիրճեան, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց կրօնական ու համայնքային կազմակերպութեանց պատասխանատուներուն՝ անցեալ աւելի քան վեց տարիներուն անոնց նիւթական ու բարոյական զօրակցութեան համար, նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՍԱՐՖ-ի ծառայողներուն մասին ու յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին՝ անոր «ներշնչում առթող» ներկայութեան համար:
Գեղարուեստական յայտագիրը կ՛ընդգրկէր երգեր ու ասմունքներ, ինչպէս նաեւ Հալէպէն հասած աշակերտական նամակներու ընթերցում՝ աշակերտներու կողմէ:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը, որ ապացոյց մըն է սուրիահայ մեր գաղութին ցուցաբերուած զօրակցութեան. ան մասնաւորաբար ողջունեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը ու շեշտեց, որ այս հաւաքը նորագոյն ապացոյց մըն է, թէ մենք սուրիահայութեան կողքին էինք տագնապին ծանր տարիներուն, եւ անոնց հետ պիտի ըլլանք նաեւ այսօր ու վաղը, երբ անոնք լծուած են վերակառուցման ու վերականգնումի վսեմ աշխատանքին: Ան ըսաւ, որ Հալէպի հայութեան ապրած դառն փորձառութիւնները կարելի է համեմատել Աստուածաշունչի դէմքերէն՝ Յոբի փորձառութեանց, որովհետեւ անոր նման, հալէպցիք յոյսն ու Աստուծոյ նկատմամբ վստահութիւնը չկորսնցուցին պատերազմի ու քանդումի տարիներուն, «եւ ահա այսօր թեւակոխած են վերակառուցման ուղին, զոր պիտի կերտեն մեր աջակցութեամբ»,- շեշտեց ան։
Ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Պիտի Վերակառուցենք» խորագրեալ ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէր Հալէպի վերականգնումի աշխատանքներէն դրուագներ:
Գլխաւոր բանախօսն էր Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան սրբազանը. ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն եւ գնահատանք յայտնեց Սուրիոյ հայութեան հանդէպ ցուցաբերուած գուրգուրանքին ու աջակցութեանց համար, որոնց «առիւծի բաժինը» տրամադրուած է ամերիկահայութեան կողմէ: Ան ըսաւ, որ դասախօսելու չէ եկած հոս, այլ վկայելու, թէ Հալէպի հայութիւնը տոկաց պատերազմի ծանր օրերուն եւ այժմ լծուած է վերականգնումի աշխատանքին: Ան նշեց, որ թէեւ նիւթական կառոյցներ քանդուած ու վնասուած են, սակայն բարոյական կորովն ու հաւաքական կամքը ամո՛ւր է, ժողովուրդը կը վերապրի շնորհիւ իր հաւատքին. ապա արագ ակնարկով մը անդրադարձաւ Հալէպի ազատագրումէն ասդին՝ 10-11 ամիսներուն կատարուած վերակառուցման աշխատանքներուն, որոնք կ՛ընդգրկեն անհատական ու հաւաքական կեանքի բնագաւառները: Բնակարաններու, գործատեղիներու եւ դպրոցներու վերակառուցումը ընթացքի մէջ է, իսկ յաջորդ փուլին պիտի վերակառուցուին եկեղեցիներն ու Ազգ. առաջնորդարանը: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ համայնքը պիտի յաջողի հաւաքական ճիգերով կերտել վերականգնումի ճանապարհը եւ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկահայ համայնքին՝ անոր զօրակցութեան ու օժանդակութեան համար:
Րաֆֆի Քենտիրճեան եւ ՍԱՐՖ-ի նախկին ատենապետ Ժան Թիթիզեան յուշանուէրով մը պատուեցին Շահան սրբազանը՝ քաջարի առաջնորդի իր արժանիքին համար, նաեւ յուշանուէր մը յանձնեցին «Անի եւ Նարօտ Յիշատակի Հիմնարկ»ի նախագահ Րաֆֆի Արտալճեանին՝ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն տրամադրած օժանդակութեանց համար: