Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Բակին Մէջ Նշուած է Ղափամայի Տօնը

Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ, Դեկտեմբեր 17-ին, պատարագէն ետք, տեղի ունեցած է ղափամայի տօն, որ իրականացուած է Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութեան նախաձեռնութեամբ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ եւ «Հայարտուն» կեդրոնին աջակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Aliq.ge կայքը։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ, իրար կողքի շարուած սեղաններուն վրայ տեղ գտած են «Շուշանիկ» միութեան եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցասէր տիկնանց միութեան անդամներուն, թիւ 104 հայկական դպրոցի առաջին դասարանի ծնողներու եւ թիֆլիսահայ տիկնանց կողմէ պատրաստուած արքայական դդումներով ղափաման, նաեւ շոգեխաշած ու խորոված դդումները, տարբեր ուտեստներ, տաք թէյը եւ սուրճը դդումի անուշներով, հալուայով ու մեղրով:

Փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան անձնակազմը: Տօնին՝ Երեւանէն ներկայ եղած է Շէնգաւիթ վարչական շրջանի պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով ներկաները, Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութեան նախագահ Սուսաննա Խաչատրեան արժեւորած է հայկական ազգային կերակրատեսակները ժողովրդականացնելու եւ անոնց հետ կապուած աւանդոյթները սերունդներուն փոխանցելու առաքելութիւնը, որ սիրով կը կատարեն համայնքային կառոյցը եւ եկեղեցասէր կանայք: Բանախօսը նշած է, որ այս համով-հոտով ուտեստը դարեր շարունակ հայերը պատրաստած են Ամանորեայ եւ Սուրբծննդեան տօներուն եւ անիկա եղած է ուրախ սեղաններու զարդը:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան՝ իր օրհնութեան խօսքին մէջ՝ կարեւոր համարած է ազգային խոհանոցը արդիականացնելու թիֆլիսահայ համայնքին մէջ հաստատուած աւանդոյթը, անդրադարձած է փառատօնի խորհուրդին` նշած նմանատիպ ձեռնարկներուն նշանակութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս՝ խօսած նաեւ նոր նախաձեռնութիւններու եւ արդէն նախատեսուած ձեռնարկներու մասին: Սրբազան հայրը բարձր գնահատած է թիֆլիսահայ հասարակութեան մէջ հայկական մշակոյթի պահպանման միտուած գործունէութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ հայոց խոհանոցը:

ՀՀ դեսպանութեան դիւանագէտ Յարութիւն Հայրապետեան՝ իր խօսքին մէջ՝ բարձր գնահատելով նմանօրինակ ձեռնարկներու իրականացումը, ընդգծած է դեսպանութեան պատրաստակամութիւնը յառաջիկային աջակցելու այլ փառատօններու կազմակերպման:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդի եւ հոգեւոր դասի կողմէ օրհնուած են դդումի տարբեր տարատեսակներով սեղանները եւ «ղափամա» երգին ուղեկցութեամբ՝ տեղի ունեցած է թէյախմութիւն, որուն մասնակցած են նաեւ բազում զբօսաշրջիկներ, Վրաստանի տարբեր ազգի բնակիչներ եւ հիւրեր:

Նշենք, որ Վիրահայոց թեմէն ներս պարբերաբար կը կազմակերպուին հայկական աւանդական ճաշատեսակներուն նուիրուած փառատօններ. հարիսայի, գաթայի, տոլմայի եւ ղափամայի:

Scroll Up