ԼՕԽ-ի Կաղանդ Պապան Երջանկացուց Փոքրիկները

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Ընկերային յանձնախումբին, Դեկտեմբեր 16-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրիկներու յատուկ Կաղանդի ձեռնարկը, որուն նպատակն էր տօնական օրերու ուրախութեամբ լեցնել ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանին մասնակցած եւ «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան յաճախող  մանուկներուն սրտերը:

Խաղերով յագեցած այս օրը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին` Կազդուրման կայանին մասնակցած մեծաթիւ երեխաներու ներկայութեան: Յայտագիրին բացումը կատարեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Մարօ Սալխանեան, որ ողջունեց երեխաները եւ անոնց ծանօթացուց ԼՕԽ-ն ու անոր կատարած աշխատանքները: Սալխանեան իր խօսքին մէջ երեխաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչն է, որ ամէն ամառ զանոնք կը հրաւիրէ Այնճար, ուր կը կազմակերպէ Կազդուրման կայան, որուն յարկին տակ անոնք առիթ կ’ունենան օգտաշատ եւ հաճելի օրեր անցընելու: Իր խօսքին մէջ, Սալխանեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Օրօրիկ» խումբին, որ սիրայօժար կերպով ստանձնած էր այդ օրը երեխաներուն խաղեր պատրաստելն ու զանոնք ուրախացնելու պարտականութիւնը:

Բացման խօսքէն ետք, «Օրօրիկ» խումբը մանկական խաղերով զուարճացուց ներկայ փոքրիկները: Յայտագիրին ընթացքին մանուկներուն այցելեցին «Միքի Մաուս»-ն ու «Մինի Մաուս»-ը, որոնք իրենց կարգին ժպիտ գծեցին մանուկներուն դէմքերուն վրայ: Անկէ ետք Փաթիլ Մկրտիչեան փոքրիկներուն ներկայացուց Յ. Թումանեանի հեքիաթներէն փունջ մը, որուն ընդմէջէն անոնց բացատրեց ճշմարտախօս եւ անկեղծ ըլլալու կարեւորութիւնը:

Հիւրասիրութենէն ետք պահը հասաւ դիմաւորելու Կաղանդ պապուկը, որուն ժամանման պահը մանուկներուն կողմէ ամէնէն սպասուածն էր: Վերջապէս հասաւ Կաղանդ պապան, որ նկարուեցաւ ու պարեց փոքրիկներուն հետ, ապա անոնց բաժնեց նուէրներ:

 

Scroll Up