Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին 60 տարեկան է…

Այս տարի կը լրանայ Պաղտատի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հիմնադրութան 60 ամեակը:
Պաղտատ մայրաքաղաքի կեդրոնը կառուցուած Հայ Առաքելական Սբ. եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարուած էր 1954ին ձեռամբ՝ լուսահոգի Տ. Ռուբէն Արք. Մանասեանի, իսկ 1957ի Ապրիլին՝ եկեղեցւոյ Սբ. Սեղանի օծումը նախկին առաջնորդներէն՝ լուսահոգի Տ. Զգօն Ծ. վրդ. Տ. Յակոբեանի ձեռամբ: Եկեղեցւոյ ամբողջական օծումը կատարուած է 1978ին, ձեռամբ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի այդ օրերու լուսարարապետ՝ լուսահոգի Տ. Յուսիկ Եպս. Սանթուրեանի, երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Հայրապետի հովուապետական այցելութեան ընթացքին: Ինչպէս «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ իրաքահայ բանաստեղծ Արամ սրկ. Քէթէնճեան Պաղտատէն, Առաջնորդանիստ այս հոյակապ եկեղեցին միշտ ալ արժանացած է Իրաքահայ Թեմի առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արքեպիսկոպոս Ասատուրեանի հոգատարութեան: Անցեալ 37 տարիներուն, Սրբազան հօր տնօրինութեամբ, եկեղեցին քանիցս ենթարկուած է վերանորոգութեան եւ բարեփոխման աշխատանքներու:
Յիշատակենք որ այս եկեղեցին Իրաքի զբօսաշրջիկութեան գրասենեակի կողմէ ճանչցուած է, որպէս Իրաքի տեսարժան կառոյցներէն մին:
Այս հոգեպարար առիթով յօդուածին կը կցեմ «Եկեղեցին մեր» խորագրեալ ստեղծագործութիւնս.
Եկեղեցին Մեր
Պաղտատի սրտին կառոյց գեղանի,
Եկեղեցին մեր վաթսո՜ւն տարեկան.
Բուրմունքներուն մէջ զուլալ Տիգրիսի,
Երկնաբե՜րձ փարոս, ջահ նուիրական:
Գմբէթներն անոր, փա՛ռք են, վեհութի՜ւն.
Զանգակատունը՝ կա՛նչ լինելութեան.
Իր դասը խորունկ՝ հոգւոց մաքրութիւն.
Կամարները վեհ՝ դրոշմ հայկական:
Օծեալ խաչերով, սրբապատկերով,
Արեւելք ուղղուած խորանը լուսոյ՝
Խորհուրդ է խորին, սիրոյ անհո՜ւն ծով
Ու յաւիտեանս՝ գահն է Աստուծոյ…
Խունկն անուշահոտ՝ առաքինութիւն.
Մոմերը վառած՝ ճշմարտութեան լո՜յս.
Աղօթքն երկնասլաց՝ կեանք է, փրկութիւն.
Եկեղեցին մեր, հաւատք է եւ յո՛յս…