Աշուղ Ջիւանի. Մահուան 110-Ամեակին Առիթով
«Ձախորդ օրերը ձմռան նման կուգան ու կ’երթան,
Վհատելու չէ, վերջ կ’ունենան, կուգան ու կ’երթա»:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Հայ երգարուեստի եւ խօսքի ամենէն յուզիչ, իմաստալի եւ սրտառուչ երգերէն մին է Աշուղ Ջիւանիի (1846-1907) կողմէ գրուած ու մշակուած վերոնշեալ երգը: Այս խորիմաստ երգը, հարիւր տարիէ աւելի կը հնչէ ու կ՛երգուի մեր ժողովուրդին կողմէ, եւ ամենաողբերգական օրերուն իսկ՝ յոյս, հաւատք եւ լաւատեսութիւն ներշնչելով մեր աշխարհասփիւռ հայութեան:
Աշուղ Ջիւանի ծնած է Ջաւախք շրջանի Քարծախ գիւղին մէջ՝ 1846-ին: Բուն անունն է Սերոբէ Լեւոնեան: Հայրը կը սիրէր զաւակին կանչել Ջիւանիկ եւ ասկէ եկած է Սերոբ Լեւոնեանի Ջիւանի անունը:
Փոքր տարիքէն Սերոբէն կը կորսնցնէ իր հայրը: Մայրը կը վերամուսնանայ եւ կը մեկնի ուրիշ գիւղ՝ ապրելու համար ամուսինին հետ: Փոքտիկն Ջիւանի կը մնայ հօրեղբօր մօտ, անոր խնամքով եւ ընտանիքին մէջ ապրելով:
Փոքր տարիքէն փոքրիկն Ջիւանիին մօտ նշմարելի էր երաժշտական ընդունակութիւնները: Խալֆայական դպրոցը աւարտելէ ետք, հօրեղբօր մօտ որպէս հորթառած կ’աշխատի եւ միաժամանակ երգի դաս կ՛առնէ գիւղի ծանօթ աշուղ Ղարա Ղազար Սիայի մօտ:
Ջիւանին այս աշուղէն կը սորվի աշուղական երգի կանոնները, կը սորվի ջութակ եւ քանոն նուագել:
Այս գործիքներուն վրայ նուագելէ զատ, Աշուղ Ջիւանիի գրիչին կը պատկանին մօտ 800 երգ-բանաստեղծութիւններ, ինչպիսին են «Ես մի ծառ եմ ծիրանի», «Մայրիկ», «Ով սիրուն, սիրուն», «Ընկերը», «Ազգ իմ, որքան ալ նկուն մնաս», «Հայրենիքիս ջուրը», «Պաղ աղբիւրի մօտ կանգնած մի աղջիկ», «Վառա, վառա», «Քո փափաքով վառվում եմ», «Սպիտակ մազեր», «Ձայն մը հնչեց», «Խելքի աշեցէք» եւ վերոնշեալ հոգեխռով «Ձախորդ Օրեր»-ու տողերն ու երգերը, որոնք կ’երգուին մեր ժողովուրդին կողմէ մեծագոյն սիրով եւ ջերմութեամբ: Երգեր, որոնք իրենց բարոյական եւ խրատական բովանդակութեամբ իրենց յատուկ տեղը գրաւած են հայ աշուղական երգերու պատուանդանին վրայ:
«Ձախորդ օրերը» երգը կը հանդիսանայ Աշուղ Ջիւանիին ամենէն ժողովրդականացած գլուխ-գործոցներէն մին: Թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ ծնունդ առաւ հռչակաւոր այս երգը, շատ հետաքրքրական եւ միանգամընդմիշտ անսպասելի պահի մը ծնունդ եղաւ այս գոհար երգը:
Օր մը, Նոր Նախիջեւանէն Ալեքսանտրապոլ (Կիւմրի) կուգար տաղանդաւոր եւ մեծանուն բանաստեղծ՝ Ռաֆայէլ Պատկանեանը (Գամառ Քաթիպա): Կիւմրիի հայ մտաւորականները եւ քաղաքապետը մեծագոյն սիրով կ’ընդունին բանաստեղծը եւ անոր հետ միասին Անի քաղաքի աւերակները կ’այցելեն: Անոնց մէջն էին նաեւ Աշուղ Ջիւանին եւ անոր որդին՝ Գարեգին Լեւոնեանը, որ այս յուշերու հեղինակն է:
Անի քաղաք հասան ցերեկով: Ամբողջ օրը Անիի աւերակները շրջելէ ետք, երեկոյեան աւերուած քաղաքի փլատակի մը վրայ նստած, տեսած տխուր պատկերէն վշտացած՝ այս տխուր տեսարանին առջեւ, Պատկանեան դառնալով ըսաւ.
– Վարպետ, բան մը ըսէ այս աւերակներու մասին:
Ջիւանին եւս, որ հոգիով տխուր ու ցնցուած էր, յուզուած պատասխանեց.
– Ով մեծ վարպետ, այնտեղ ուր արեգակը կը թագաւորէ, ի՞նչ գործ ունի համեստ աստղիկ մը: Այնտեղ ուր Ձեր նման մեծ վարպետ մը ներկայ է, Ջիւանին ի՛նչ իրաւունքով կրնայ բան մը ըսել:
Պատկանեան շարունակեց իր խնդրանքը եւ չկարենալ մերժել մեծ վարպետի խնդրանքը, Ջիւանին վեր կը կենայ եւ կ’սկսի յանպատրաստից նուագել ու երգել «Ձախորդ օրերը»:
Պատկանեան եւ խումբի անդամները համակ ուշադրութեամբ եւ յուզումով կը լսեն աշուղին երգը, նկատելով, թէ ինչպիսի յուզումով պատուած էր աշուղը: Երբ Ջիւանին արտասուալից աչքերով աւարտեց այս սքանչելի երգը, բանաստեղծ Պատկանեան ոգեւորուած իր տեղէն կ’ելլէ եւ ջերմութեամբ կը սեղմէ Ջիւանիի ձեռքը, խորին շնորհակալութիւն յայտնելով կը գրկախառնուի անոր հետ: Ապա, Պատկանեան թուղթ ու մատիտ կուտայ աշուղին, որ գրէ այս երգի բառերը եւ իրեն տայ:
Անիի աւերակներու գիշերուայ լուսնի լոյսին տակ Ջիւանին կ’երգէ այս երգը, իր խորիմաստ բառերով, ապա անոր տողերը կը գրէ եւ Ռաֆայէլ Պատկանեանին կուտայ:
Բանաստեղծը Թիֆլիս դառնալով, այս երգի բառերը հրատարակել կուտայ Թիֆլիսի «Մշակ» թերթին մէջ, որ մեծ հետաքրքրութիւն գտաւ ընթերցողներուն եւ ժողովուրդին մօտ:
1907-ին Աշուղ Ջիւանին կը մահանայ խոր սուգի մատնելով ողջ Ջաւախքահայութիւնը եւ աշխարհատարած հայութիւնը: Յուղարկաւորութեան եւ թաղման ծախսերը ժողովուրդը հոգած «Մշակ» թերթին կազմակերպած դրամահաւաքով:
Հոծ բազմութիւն մը Հայաստանէն, Վրաստանէն, պետական եւ ժողովրդային բազմաթիւ երկրպագուներու ներկայութեամբ մեծանուն Աշուղ Ջիւանին թաղուեցաւ Խոճիվանքի գերեզմանատան մէջ:
Ամէն տարի, Յունիսի վերջին Կիրակին, աշուղի ծննդավայրը՝ Քարծախ գիւղի մէջ տեղի կ’ունենայ հայ երգի փառատօն մը, Աշուղ Ջիւանիի յիշատակին նուիրւած, առաւելաբար անոր երգերը հնչեցնելով: 1996-ին, աշուղ Ջիւանիին ծննդեան 150 ամեակին առիթով, հայրենի իշխանութիւնը, առ ի նշան սիրոյ եւ յարգանքի, այս մեծ աշուղին, իր ծննդավայր` Քարծախ գիւղին մէջ կանգնեցուցած է մեծն Ջիւանիին յուշարձանը, ինչպէս նաեւ յատուկ դրոշմաթուղթ մը ելած էր աշուղ Ջիւանիի նկարով:
Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան մօտալուտ տօներուն առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք վերջնականապէս անկախացած, ապահով ու անկաշկանդ, իր փայլուն ճակատագիրին ճամբուն վրայ գտնուող հայրենաբնակ, արցախաբնակ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքահայութիւնը, մաղթելով բոլորին նորանոր նուաճումներ եւ յաջողութիւններ եւ թող աշուղ Ջիւանիին վերոնշեալ տողերը միշտ մեր մտքին եւ մտածումներուն մէջ ըլլան, որպէս կեանքի կողմնացոյց, որպէսզի դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու ատեն, միշտ յիշենք, որ.
Ձախորդ օրերը ձմռան նման կուգան ու կ’երթան,
Վհատելու չէ, վերջ կ’ունենան, կուգան ու կ՛երթան,
Դառն ձաւերը մարդու վրայ չեն մնայ երկար,
Որպէս յաճախորդ, շարուէ շարան, կուգան ու կ’երթան:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ: