«ԱԶԱՏ ՕՐ»ի հարցազրոյցը՝ «Բագին» գրական եռամսեայ հանդէսի փոխխմբագիր ընկ. Սեդա Գրիգորեանի հետ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Բագին» գրական եռամսեայ հանդէսը, որ կանոնաւոր ձեւով կը շարունակէ իր հրատարակումը:
Համազգայինի գործունէութեան շրջագծէն ներս իւրայատուկ է տեղը «Բագին» հանդէսին, որ հայ մտքի եւ յատկապէս սփիւռքահայ գրական մտքի արտայայտման բարձրորակ բեմը կը հանդիսանայ: Կրնա՞ք պատմականը կատարել կարեւոր այս նախաձեռնութեան:
Որքան գիտեմ, «Բագին» գրական հանդէսը հիմնադրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 19րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ տրուած համապատասխան որոշումով: Ժողովը ծրագրի իրականացումը յանձնած է գրող, մտաւորական, կուսակցական գործիչ Կարօ Սասունիի, զայն նշանակելով վարիչ խմբագիր՝ նորաստեղծ ամսագրին:
Վերջինս ալ, իր կարգին, խմբագիրներ նշանակած է գրողներ Եդուարդ Պոյաճեանն ու Պօղոս Սնապեանը: «Բագին»ի առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 1962 Յունուարին, Պէյրութի մէջ, իսկ Եդուարդ Պոյաճեանի մահէն ետք (1966) խմբագրութեան գործը ամբողջութեամբ վստահուած է Պօղոս Սնապեանի, որ մինչեւ 2003 մնաց «Բագին»ի խմբագիր:
2003էն եւ մինչեւ այսօր «Բագին» գրական հանդէսի վարիչ խմբագիրն է արձակագիր, հրապարակագիր Յակոբ Պալեան: Թերթը մինչեւ օրս կը շարունակուի անխափան (նոյնիսկ Լիբանանի եղբայրասպան կռիւներու տարիներուն երբեմն կամքէ անկախ ուշացումով թէեւ, բայց , «Բագին» լոյս տեսա՛ւ անպայման), իսկ ներկայիս լոյս կը տեսնէ եռամսեայ դրութեամբ, տարին չորս թիւի հաշուարկով:
Տարիներու ընթացքին գրողներու շատ մեծ թիւ մը հիւրընկալուած է «Բագին»ի էջերուն մէջ: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հին թէ նոր, փորձառու կամ անփորձ գրողներու ներկայութիւնը հանդէսին մէջ եւ ի՞նչ եղած է անոնց աշխատանքի ընկալումը ժողովուրդին կողմէ:
Առաջին իսկ թիւէն «Բագին ամսագիր»ը ունեցած է խմբագրական կազմի անդամներ, ինչպէս՝ Տիգրան Ոսկունի, Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, Յարութիւն Գեղարդ, Վահէ Օշական: Բնականաբար, տարիներու ընթացքին կազմի անդամներու սերնդափոխութիւն եղած է նաեւ, աւելի ուշ կազմին միացած են բանաստեղծներ Յարութիւն Պէրպէրեան եւ Սարգիս Կիրակոսեան: Իսկ մեր ժամանակներուն մօտիկ՝ «Բագին» եռամսեայի խմբագրական խորհուրդի անդամ նկատուած են Ժիրայր Աթթարեան, Արմանտ, Կարօ Արմէնեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Հրանդ Մարգարեան, Վարդան Մատթէոսեան, Մարկ Նշանեան, Նուպար Չարխուտեան, Վարանդ, Յարութիւն Պէրպէրեան, Յարութիւն Քիւրքճեան եւ ուրիշներ:
Ներկայիս խմբագրական կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ անուններէ. Լիբանանէն՝ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան, արուեստաբան Մովսէս Հերկելեան, բանաստեղծուհի Շուշիկ Տասնապետեան, երաժշտագէտ Զաքար Քէշիշեան, լրագրող Անուշ Թրուանց, շարժապատկերի մասնագէտ Յակոբ Տէր Ղուկասեան, Գանատայէն՝ բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան, Միացեալ Նահանգներէն՝ թատերագիր Հրանդ Մարգարեան եւ արձակագիր Պետրոս Հաճեան, Հայաստանէն՝ «Գրեթերթ»ի խմբագիր Արքմենիկ Նիկողոսեան:
Յիշեմ նաեւ, որ մինչեւ 2000 թուականի առաջին ամիսներուն «Բագին» լոյս կը տեսնէր ամսական դրութեամբ, ապա եւ մինչեւ օրս անիկա կը հրատարակ- ւի երեք ամիսը անգամ մը, իւրաքանչիւր թիւ 80 էջի սահմաններու մէջ: Թէեւ հրատարակած ենք նաեւ 96 էջ հաշուող թիւեր, յատուկ պարագաներու, սակայն նկատի առած յաւելեալ պրակի (16 էջ) ծախսն ու «Բագին»ի նիւթական դժուարութիւնները, ճիգ կը տարուի զայն պահել 80 էջի սահմաններու մէջ, գունատիպ հրատարակութեամբ:
«Բագին»ի պատմականը ամբողջացնելու համար տեղին է նաեւ նշել, որ գրական այս հանդէսը մօտաւորապէս 15 տարիէ ի վեր կը վայելէ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութիւնը, որովհետեւ իրարայաջորդ Ընդհանուր ժողովներու ընթացքին մի՛շտ հնչած էր այն տեսակէտը, որ Համազգայինը՝ իբրեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մշակութային «նախարարութիւն»ը, ինք պէտք է ստանձնէ «Բագին»ի հովանաւորութիւնը, մինչեւ որ այդ տեսակէտը վերջին ժամանակներուն դարձաւ իրականութիւն:
Եւ, վերջապէս, Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադրութեամբ եւ Համազգայինի հովանաւորութեամբ հրատարակուող «Բագին» համահայկական գրական եւ մշակութային այս հանդէսը, 2012ին կը բոլորէ իր հիմնադրութեան յիսնամեակը, ինչ որ յաւելեալ յանձնառութեան կը մղէ մեզ ազգովին, աւելի զգօն ու գուրգուրոտ վերաբերում ունենալու հանդէպ այն բոլոր արժէքներուն, որոնց հանրագումարն էր «Բագին»ը երէկ եւ է՝ նաեւ այսօր՝ իբրեւ որակ ու լեզու, իբրեւ գրական-մշակութային բաբախող իրականութիւն, որուն դիմաց պէտք է բանալ նաեւ ապագայի առագաստներ, որպէսզի երթը շարունակուի անխափան, դէպի նոր յիսնամեակներ:
Մտաւորակա՞ն զանգուածի մը ուղղուած է «Բագին»ը:
«Բագին» գրական հանդէսը կոչուած է առաւելաբար արեւմտահայ զանգուածի գրական, իմացական, արուեստի ու մշակութային տարբեր մարզերու արտայայտման բեմը ըլլալու եւ իբրեւ այդպիսին ստեղծագործական շնչառութիւն յառաջացնելու հայահոծ գաղութներու մէջ, հայոց գրականութիւնը զարգացնելու հիմնական առաքելութեամբ: Եւ անշուշտ, պարզ կը դառնայ, որ թերթը միջինէն վեր հայերէն գիտցողի, հայ գրականութեան թէ մշակոյթի կրակով այրողի մը ուղղուած է առաւելաբար, եթէ չուզենք մասնաւորել «մտաւորական» նկատ-ւող փաղանգը: Այսինքն՝ «Բագին»ի հաղորդ կ’ըլլայ եւ կը փնտռէ զայն այն հայը, որ, բնականաբար, կը սիրէ եւ կը գնահատէ հայ գիրն ու դպրութիւնը, հայ ոգիի տարբեր դրսեւորումները, ինչ որ ինքնին կ’ենթադրէ որոշ «պատրաստութիւն» մը՝ դէպի ընկալումն գրականութեան եւ արուեստի: Ի դէպ, աւելցնեմ, որ իր էջերը լայն բանալով հայ ժողովուրդի արարչագործ արիւնէն իրենց իւրայատուկ կաթիլները նորերուն կտակել ցանկացող «հին»երուն, թէ տակաւին անկոխ գեղեցկութիւններ որսալու պատրաստ երիտասարդ նոր ուժերու առջեւ, «Բագին»ի առաջին թիւի խմբագրականին մէջ տեղ մը նշուած է, որ Երիտասարդ եւ լուրջ պատրաստութիւններու տէր սերունդ մը ունինք այսօր, որ իր խանդավառութիւնները պոռթկալու եւ հոգին պարպելու հրամայականի մը առջեւ կը գտնուի: Նախորդ երկու սերունդներու ներկայացուցիչներուն կողքին, այս թերթին մէջ տեղ պիտի տրուի նաեւ այդ երիտասարդներուն: Նորերու յորդ ապրումներուն եւ հասուն մարդոց հասուն խոհերուն բեմը պիտի ըլլայ «Բագին»ը:
Եւ «Բագին»ը՝ ամսագիր թէ եռամսեայ, անշեղ այս սկզբունքով յառաջացաւ տասնամեակներ շարունակ: Դարձաւ ամրոց՝ հայոց լեզուին, եղաւ արձագանգը՝ կորսուած հայրենիքի յուշը վերապրող հիներուն, վերածուեցաւ ճիչի՝ խորհրդային մականին տակ հեծող հայրենի գրչեղբայրներու եւ յառաջապահի դիրք գրաւեց՝ նոր տաղանդի մը, յայտնութեան մը, խօսքի նոր որակի մը երեւումին ի նպաստ, բանաստեղծութեան ու արձակի կողքին միաժամանակ զարկ տալով թատրերգութեան, քննադատութեան, թարգմանական գրականութեան, թէ բանասիրական-վերլուծական սեռերու զարգացման: Իր էջերուն մէջ կը բաբախեն վերապրող սերունդի ներկայացուցիչներէն մինչեւ նորերը, ինչպէս՝ Վահան Թէքէեան, Յակոբ Օշական, Կոստան Զարեան, Համաստեղ, Արամ Հայկազ, Բենիամին Նուրիկեան, Վազգէն Շուշանեան, Շահան Շահնուր, Շաւարշ Նարդունի, Նիկողոս Սարաֆեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, Կարօ Սասունի, Լեւոն Գարմէն, Անդրանիկ Ծառուկեան, Վահէ Վահեան, Մուշեղ Իշխան, Բաբգէն Փափազեան, Եդուարդ Պոյաճեան, Սմբատ Փանոսեան, Պօղոս Սնապեան, Նուպար Չարխուտեան, Վահէ Օշական, Գրիգոր Շահինեան, Պեպօ Սիմոնեան, Շահանդուխտ, Պօղոս Գուբէլեան, Յակոբ Պալեան, Յակոբ Մանուկեան, Փանոս Ճերանեան, Մովսէս Պչաքճեան, Զոհրապ Գիրէճեան, Ռուբինա Փիրումեան, Գրիգոր Պըլտեան, Յարութիւն Նագուլեան, Վարանդ, Վեհանոյշ Թէքեան, Սարգիս Մահսէրէճեան, Ազնիւ Գարալէքեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Էլօ Սարաճեան, Մովսէս Հերկելեան, Մարուշ Երամեան, Պետիկ Հերկելեան, Շուշիկ Տասնապետեան, Րաֆֆի Քեպապճեան, Յակոբ Միքայէլեան, Լալա Միսկարեան-Մինասեան, Խաչիկ Տէտէեան, Սեդա Գրիգորեան, Սոնիա-Սանան, Կամիլա, Սագօ Արեան, Տաղ Նայիրի եւ բազում ուրիշներ: Իսկ արեւելահայ ճակատէն յիշենք «Բագին»ի ներկայ աշխատակիցներէն Կոլեա Տէր Յովհաննիսեան (Նիկոլայ Տէր Յովհաննիսեան), Ռոպեր Եսայեան (Արցախ), Արծուի Բախչինեան, Մարօ Խաչատրեան, Նայիրա Համբարձումեան, Արուսեակ Օհանեան, Արամ Պաչեան, Արքմենիկ Նիկողոսեան, Վահագն Արսէն եւ այլն:
«Բագին» հանդէսը լայնօրէն կ’ընդգրկէ ոչ միայն արեւմտահայերէնով արտայայտուող բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, երգիծաբան, գրաքննադատ, բանասէր, յուշագիր, թէ արուեստաբան լաւագոյն ներկայացուցիչներու ստեղծագործական շրջածիրը, այլեւ լոյսին կը բերէ արեւելեան կողմն աշխարհի տաղանդները, կազմաւորուած գրիչներ ըլլան անոնք թէ ջիղ մը պայթեցնող, շունչ մը փոխանցող կամ մտածում մը փայլեցնող խոստմնալից նորեր:
Օրինակ՝ անցեալ տասնամեակներու թիւերուն մէջ Չարենցի, Բակունցի Սեւակի, Գալշոյեանի տարաբախտ ճակատագրերը անմասն չմնացին «Բագին»ի ընթերցողներէն, մինչ Սահեան, Դաւթեան, Աղաբէկեան, Դաւոյեան, Էդոյեան, Մկրտչեան, Կոստանեան, եւ ուրիշներ «Բագին»ի մէջ ներկայութիւն եղան իրենց նոր գործերով եւ գրականութեան զարգացման նպաստող իրենց անկաշառ դատումներով:
Գրեթէ յիսնամեայ իր բազմահազար էջերուն կուտակուած մտային պաշարին վրայ յաւելում մը կատարելու հիմնական առաջադրանքով է, որ «Բագին» կը շարունակէ հրատարակուիլ նաեւ այսօր՝ նոր անուններով եւ յատկապէս երիտասարդ գրիչներով գրական ու մշակութային հայկական գանձարանը աւելի եւս հարստացնելու հիմնական առաքելութիւնը դաւանելով իբրեւ գերագոյն նպատակ:
Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք «Բագին»ի պատմութեան վրայ, ո՞ր հանգրուաններուն շուրջ կարելի կ’ըլլայ կեդրոնացնել «Բագին»ի նուաճումները:
Ըստ ինծի, մեր իրականութեան մէջ «Բագին» գրական հանդէսի գոյութիւնը ինքնին գերագոյն նուաճում մըն է, նկատի առած, որ այս հանդէսը միայն ապրող ներկայի մը ստեղծագործական թրթիռը չէ, որ կը ներկայացնէ, այլեւ անցեալն ու ապագան կը զօդէ իրարու: Հոն են՝ Մեծն գիւտարար Մեսրոպ Մաշտոցն ու անոր երկրպագու սերունդները, Նարեկացին ու անոր կրակով ճենճերող Վարուժանները, Սայաթ Նովայի, Կոմիտաս Վարդապետի արուեստին սիրահար Աղբալեաններն ու Պարոյր Սեւակները, վերջիններուս շունչով տոգորուած նորերը, այլեւ Չարենց ու Օշական եւ մանաւա՛նդ՝ սփիւռքահայ իրարայաջորդ սերունդներու գրական ու մշակութային աւիւնը, տեսիլքը, ստեղծագործ միտքն ու հոգիի տենդը:
Եթէ պահ մը մտածեմ, որ ի՞նչ կրնար ըլլալ սփիւռքահայ մեր գրական անդաստանին պատկերը, եթէ ընդհանրապէս գոյութիւն չունենար «Բագին»ը, իրապէս որ տխուր կ’ըլլար, չըսելու համար՝ ողորմելի:
«Բագին» իր շուրջ ոչ միայն յաջողեցաւ ստեղծել հայոց գրականութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն, լեզուի հանդէպ խստագոյն արժեչափ, նիւթերու այլազանութեան կողքին նիւթերու ընտրութեան չափանիշ, այլեւ ամբողջ քառասուն ինը տարի անշեղ մնաց իր սկզբունքներուն վրայ՝ յանուն հայ մտքի ու հոգիի զարգացման, յանուն հայոց լեզուի առաւել յղկման եւ գեղեցկացման եւ յանուն արուեստի ու մշակութային արժէքներու պանծացման, դառնալով այնպիսի փնտռուած հանդէս, որուն էջերուն մէջ երեւալը կ’ենթադրէ կա՛մ ստեղծագործական շնորհի առկայութիւն, կա՛մ լեզուական արժէք եւ կամ՝ դիտելու, զննելու եւ վերլուծելու տաղանդ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի գրական զոյգ աշխարհներու համար:
Իբրեւ նուաճում՝ գրական այս հանդէսի մէկ այլ արժանիքն ալ այն է, որ իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն եւ մինչեւ այսօր յատկա-նշուած է լայնախոհութեամբ, կուսակցական նեղ հաշիւներէ վեր՝ միայն ու միայն հայ գրականութեան նպաստը համարած է իր գլխաւոր նպատակը: Կողմնակալ գրութիւններ հրատարակուած են հոն, բայց հրատարակուած են արժանաւո՛րը գնահատելու համար, իսկ անկուսակցական գրողներ հիւրընկալուած են՝ անպայմա՛ն գրական արժանիք մը ցուցաբերած ըլլալնուն համար: Մէկ խօսքով՝ ոչինչ կը հրատարակուի հոն էջ լեցնելու նպատակով եւ կամ՝ ի միջի այլոց: Իսկ ի՛նչ նիւթ որ տեղ կը գտնէ «Բագին»ի ծածկին տակ, ուրեմն այս կամ այն առաւելութիւնը ցոյց տուած ըլլալուն եւ կամ՝ բոլոր արժեչափերը լրացուցած, նոյնիսկ յայտնութեան սահմանները հասած ըլլալուն համար է, որ հիւրընկալուած է անոր էջերուն մէջ:
Մամուլի մասին խօսելով կարելի է ըսել, որ գրականութիւն եւ մամուլ փոխադարձ կապը, որ անցեալին զօրաւոր եղած է, այսօր բաւարար չէ: Թերթերը հետզհետէ աւելի սահմանափակ էջեր կը տրամադրեն գրական նիւթերու ներկայացման: Ո՞ւր կը կայանայ հարցը, ո՞րն է հիմնական խնդիրը: Որո՞նք են դիմագրաւուող մարտահրաւէրները:
Ինչպէս աշխարհատարած հայկական մամուլը, այնպէս ալ «Բագին» ներկայիս կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, որոնք կը կոչուին ընթերցողներու թիւի նուազում, հայոց լեզուի իմացութեան նուազում, հետեւաբար նաեւ՝ գրողներու, յանձնառու եւ գրականութիւնը ճակատագրի՛ վերածող գրիչներու թիւի նուազում: Ընդհանուր առմամբ եւ մի՛շտ յարգելով բացառութիւնները, նոր սերունդը այսօր չի հասկնար հայէրէնի բոլոր նրբութիւնները՝ զայն ըմբոշխնելու համար: Լաւագոյն պարագային, թերեւս կրնայ միայն հեզասահ կարդալ: Բայց միայն կարդալու կարողութիւնը չի բաւեր, որ երիտասարդներ սիրեն նաեւ գրականութիւն, վայելեն զայն սրտաշաղախ ընթերցումով, գրիչ շարժեն՝ ներքին կրակի մը անձնատուր: Սա՛ է մեծագոյն վտանգը, որ կախուած է մանաւանդ սփիւռքահայ գրականութեան վիզին՝ դամոկլեան սուրի պէս: Եթէ Սփիւռքի միջին եւ վեր խաւի ներկայացուցիչներ չմտահոգուին այսօրուան մեր իրականութեամբ եւ լուծումներ չորոնուին հայ գրականութեան վաղուան օրը ապահովելու համար, ապա կարելի չէ յուսալ, որ միայն տաղանդ ունենալը պիտի բաւէ հայերէնով ստեղծագործելու: Ի վերջոյ, դարերու երկայնքին ինքզինք յղկած, գեղեցկացուցած, հարստացուցած լեզու է նաեւ հայերէնը, այսինքն՝ ամբողջական գիտութի՛ւն, որուն իմացութիւնը առաջին հերթին կը նշանակէ սորվիլ, հաղորդուիլ անոր ոգիով ու հոգեթով գեղեցկութեամբ, ապա գործածել զայն առաւելագոյն զգուշութեամբ եւ, ինչու չէ, նաեւ նո՛ր գիւտերով զայն հարստացնելու արդար կիրքով:
Աւելի՛ն. լեզու մը, որուն ուսուցումը կ’ենթադրէ նուիրեալ ուսուցիչներ եւ սորվելու տրամադրութիւն ցուցաբերող երիտասարդներ, ուսանողներ: Իսկ ի՞նչ վիճակ կը պարզեն աշխարհացրիւ հայութիւնն ու հայկական դպրոցները ներկայիս: Որակը նաեւ կը ծնի քանակէն: Երբ հայ ուսանողութեան միայն քանի մը տոկոսն է, որ կը յաճախէ հայկական վարժարան, ապա ինչպէ՞ս ակնկալել, որ ունենանք մրցակցութիւն տաղանդներու միջեւ եւ կամ ինքզինք գերազանցելու ներքին մարմաջ՝ հայագիտական նիւթերու թէ ստեղծագործական կալուածներու մէջ: Այսօր հայ նոր սերունդներ, առաւելաբար եւ մեծ թիւով (դարձեալ բացառութիւնները յարգելով) օտար լեզուներու կը վազեն, օտարներուն մէջ յաջողութեան հասնելու, բարձր դիրքեր նուաճելու հիմնական մտասեւեռումով:
Բայց հայերէ՞նը:
Մայրենին օտարերէնին զոհած այս սերունդնե՞րը վաղը պիտի գրեն «Բագին»ի մէջ արդեօք, թէ՞ պիտի գայ այն օրը, որ «Բագին»ը տարբեր լեզուներով հրատարակելու հրամայականը բարձրացնեն, այդ ալ լաւագոյն պարագայի, եթէ, անշուշտ, աւելի դիւրին ճամբայ մը չընտրեն, այսինքն՝ ժամանակավրէպ հանդէս մը նկատելով «Բագին»ը, յանկարծ զայն դադրեցընելու առաջարկ չներկայացնեն:
Յոռետեսութեամբ չէ, որ այս միտքերը կը շարադրեմ, այլ՝ ներքին մտահոգութիւն մըն է, որ կ’ուզեմ բաժնել ազգիս զաւակներուն հետ, անոնց հետ, որոնք մտահոգ են ե՛ւ հայերէնի, ե՛ւ հայ գրականութեան ճակատագրով: Իրապէս որ ցաւոտ հարց է, բարդ կացութիւն մը: Բայց եւ այնպէս, տակաւին կը հաւատամ, որ կարելի է շատ բան փրկել, եթէ քանի մը տասնեակ «խենթ»եր քով-քովի գան, Հայաստան եւ Սփիւռք, եւ միատեղ որոնեն լուծումներ, քա՛ջ լուծումներ ի հարկէ, ընդհանրապէս համասփիւռքեան տարողութիւն ունեցող վերոնշեալ հարցերու յաղթահարման ի խընդիր: Եւ սա միայն «Բագին»ի հարցը չէ, այլեւ կը վերաբերի հայատառ մամուլի եւ պարբերականներու, որոնք կը հրատարակուին տարբեր գաղութներու մէջ, բայց հիմնականին մէջ հասարակ յայտարար ունին միեւնոյն տագնապը՝ արեւմտահայ լեզուի շարունակականութեան ապահովումը:
«Բագին»ը ինչպէ՞ս կը հասնի իր ընթերցողներուն: Բացի տպագրուած տարբերակէն համացանցը կ’օգտագործուի՞:
Ժամանակակից արհեստագիտութեան բերած նպաստին կամ ի գործ դրած աւերին, ըսեմ, որ ե՛ւ կայ նպաստը, ե՛ւ կայ աւերը: Նայած թէ ինչպէ՞ս կ’օգտագործուի այդ արհեստագիտութիւնը:
«Բագին»ի պարագային, մեր հանդէսի իւրաքանչիւր թիւ կը տեղադրուի Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կայքէջին վրայ՝ www.hamazkayin.com հասցէով, որպէսզի հասանելի դառնայ բոլոր անոնց, որոնք ի վիճակի չեն ստանալու թերթէն օրինակներ, բայց կրնան կարդալ հանդէսին ամբողջ բովանդակութիւնը՝ համացանցի օգտագործմամբ:
Վերջերս Կեդրոնական Վարչութիւնը աշխատանք տարաւ նաեւ հանդէսի ցրւումն ու առաքման դժուարութիւնները հարթելու իմաստով, երբ բաժանորդագրութեան յատուկ ծրագիր մը պատրաստել տուաւ եւ զայն զետեղեց նոյն կայքէջին մէջ, որպէսզի մինչեւ հեռու աշխարհներու հայորդիներ պատեհութիւնը ունենան ստանալու ,Բագինե, իրենց իսկ ապրած վայրերու հասցէով: Այցելուին միակ ընելիքը՝ լրացնել է հոն տեղադրուած հարցաթերթիկը՝ տալով անուն, հասցէ եւ բաժանորդագրութեան ժամկէտ, ընտրելով նաեւ վճարման յարմարագոյն ձեւը՝ ներկայացուած տարբերակներէն: Դրութիւնը սկսած է գործել արդէն եւ հետզհետէ կ’աւելնայ թիւը նոր բաժանորդներու:
Փորձելով քայլ պահել համացանցին ընձեռած կարելիութիւններու հետ, «Բագին» նաեւ անդամ է Facebookի, Pakine.Hamazkayin անուան տակ, ինչ որ հեռուն մօտիկցնելու լաւագոյն ձեւերէն մէկն է: Ասկէ անդին՝ համեստ թելադրանքս է, որ մեծ երկիրներու, հեռաւոր ափերու մեր ընթերցողները չզլանան իրենց ներդրումը այս իմաստով եւ բաժանորդագրուին «Բագին»ի, որպէսզի թերթը աշխուժանայ աւելի եւս եւ նիւթական իր ծանր վիճակէն յարութիւն առնէ ու դառնայ ինքնաբաւ, որպէսզի ապահովուի շարունակականութիւնը նաեւ գալիք տասնամեակներու համար:
Մեր ընթերցողները կրնան նաեւ ուղղակի դիմել խմբագրատուն՝ www.pakin@hamazkayin.com ել-նամակի հասցէին յղելով իրենց թելադրանքները, մտահոգութիւնները եւ կամ՝ հրատարակելի նիւթերն ու հանդէսի բարելաւման ի նպաստ իրենց առաջարկները եւ կամ՝ անձամբ հեռաձայնել 961-1-241-072 թիւին՝ աշխատանքային ժամերու, Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ:
Ձեր հրատարակչական աշխատանքին զուգահեռ, մամուլէն կը հետեւինք գրական երեկոներու կազմակերպման ձեր նախաձեռնութեանց: Որո՞նց ուղղուած են գրական երեկոները եւ ի՞նչ պարունակութիւն կը տրամադրեն:
Վերջին տարիներուն ստեղծուած եւ բաւականին յաջող աւանդութիւն մըն են «Բագին»ի «Ընթերցման հանդիպումեները, որոնք ներկայիս ալ կը շարունակուին՝ «Բագին»ի խմբագրատան մէջ, ամիսը մէկ անգամ դրութեամբ: Նկատի առած ենք իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Չորեքշաբթին (երեկոյեան ժամը 7ին) եւ կը փորձենք անխախտ պահել զայն: «Ազատ բեմ»ի սկզբունքով խօսք կ’առնեն նաեւ ներկաները, տեսակէտներ կը պարզեն՝ նախօրօք խմբագրութեան կողմէ ճշդուած գիրքի մը ներկայացման նուիրուած այս հանդիպումներուն: Պաշտօնականութենէ հեռու, աւելի ընկերական եւ մտերմիկ մթնոլորտ մըն է, որ կը տիրէ այդ պահուն: Ներկայ կ’ըլլան մտաւորականներ, գրողներ եւ գրասէրներ, որոնց թիւը կը տարուբերի 18-30ի միջեւ: Կու գան նաեւ գրականութեամբ հետաքրքրուած երիտասարդներ, որոնք կը լսեն, կը խօսին եւ կ’ընթերցեն հրապարակ նոր իջած գիրք մը, յաճախ ապրող գրողներու գործեր, բան մը, որ կարելիութիւն կ’ընծայէ ապահովելու նաեւ հեղինակին ներկայութիւնը, ինչ որ աւելի հետա-քրքրական եւ հաճելի կը դարձնէ պահը:
Լիբանան այցելող, այդ օրերուն քաղաքս գտնուող գրողներու կամ մշակոյթի գործիչներու ալ կը նուիրենք «Հանդիպում» մը, եթէ անշուշտ տեղեակ ըլլանք նախապէս եւ, ի հարկէ, եթէ մեր ձեռնարկի թուականը իր այցելութեան յարմարեցնելու կարելիութիւն ստեղծուի: Օրինակ՝ անցեալ Ապրիլի մեր «Հանդիպում»ը նուիրուած էր այդ օրերուն Պէյրութ գտնուող երաժշտագէտ Պետրոս Ալահայտոյեանի, որուն հետ ծանօթացումն ու զրոյցը բացառիկ պատեհութիւն մը եղան ներկաներուն համար:
Այս առումով, 2010ին իրականացուցինք թիւով տասը «Ընթերցման հանդիպում»: Այս հանդիպումներու ընթացքին ընդհանրապէս նորատիպ գիրքի մը ներկայացումը կը կատարեն գրողներ, մտաւորականներ, «Բագին»ի խմբագիր պարոն Պալեանը կամ ես: Կը փորձենք գործակցութեան ճամբով առիթ տալ բոլորին: Ու մանաւանդ՝ ընթերցել գիրք, ընթերցման ճամբով տարածել գրողին միտքերը, քարոզչութիւնը ընել գիրքին եւ գրասէր հանրութիւնը պահել «Բագին»ի շուրջ, որպէսզի խմբագրութիւն-ժողովուրդ կապը ամրապնդուի, գրող, մտաւորական, բանասէր, արուեստագէտ հանդիպին իրարու, զրուցեն իրարու հետ, թէկուզ եւ վիճին, բայց անպայմա՛ն արտայայտուին: Շրջանակը մեծ չէ, դժբախտաբար, բայց յոյս ունինք, որ այս տարեշրջանին աւելի ընդարձակ լսարան մը կ’ունենանք, ներկաներուն թիւը կ’աճի ու մանաւանդ՝ երիտասարդները աւելի մեծաթիւ ներկայութիւն կ’ըլլան:
«Բագին»ի յաջորդ «Ընթերցման հանդիպում»ը (9 Փետրուար 2011) նուիրուած է Գէորգ Ճ. Աբէլեանի «Աղբարի՜կ, կաթիլ մը ջուր», 450 էջ հաշուող եւ «Ցկեանս նահատակութիւն» շարքի երկրորդ հատորին: Գրականութեան համար հում նիւթերու շտեմարան մը, ուր ներկայացուած են հայորդիներու (ընտանիքներ եւ սերունդներ) ապրած ոդիսականը Ցեղասպանութեան տարիներէն մինչեւ բռնի տեղահանութիւն ու վերապրողի անհաւատալի կեանք. որբութիւն, թշուառութիւն, բայց եւ յարութիւն օտար երկինքներու տակ՝ Սուրիա, Լիբանան, Յունաստան, Ամերիկա, Գանատա, Աւստրալիա…: Կեանքեր, որոնց զաւակներն ու թոռնիկները մեզի ժամանակակից մարդիկ են այսօր, անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ ծանօթ անձնաւորութիւններ են տարբեր գաղութներու մէջ: Ցեղասպանութեան պատճառած կորուստներուն ու ահաւոր վնասներուն դիմաց սակայն, էականը յարութիւն առնելն է ցաւէն, ծով տառապանքէն:
Պահելով հանդերձ բոլոր համեմատութիւնները, ըսենք, որ «Բագին» գրական հանդէսը յարութեան նոյն ոգիով է, որ ցարդ կը շարունակէ լոյս տեսնել: Բոլոր տեսակի դժուարութիւնները յաղթահարելու ոգիով զինուած յարութի՛ւն տալ հայ արարչագործ մտքին ու հոգիին, ազգային դարաւոր արժէքներուն, կեանքի մէջ թրթռուն պահել զանոնք, հայոց լեզուի ու գրականութեան գանձարանին ապահովել նոր լումաներ, նորերը պատուաստել գեղեցկութեան ու արուեստի տեսիլքով՝ մի՛շտ ի նպաստ հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի զարգացման, տարածման, այլեւ դէպի ապագայ յաղթապանծ երթին:
Մեր հարցազրոյցը աւարտելէ առաջ յիշեմ նաեւ, որ «Բագին» գրական հանդէսի յիսնամեակի ընդառաջ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը նախաձեռնած է յոբելենական ծրագրի մշակման եւ արդէն նետուած է առաջին քայլը:
Ներկայիս խմբագրութիւնս լծուած է պատրաստելու յոբելեարին յիսնամեայ գոյութիւնը ամփոփող մատենագիտութիւնը, ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած բոլոր կարելի հնարաւորութիւններու օգտագործմամբ: «Բագին»ի յիսուն տարուան ոգեղէն հունձքը, յետ պատրաստութեան, պիտի տեղադրուի Համազգայինի կայքէջին մէջ եւ տրամադրելի պիտի ըլլայ հանրութեան՝ իբրեւ յոբելեար «Բագին»ի անհրաժեշտութիւնն ու անժամանցելիութիւնը ընդգծող արժանի նուէր, իբրեւ վաղուան բանասէր-հետազօտողի աշխատանքային լայնածիր դաշտ, իբրեւ հայ ազգի հոգեմտաւոր արտայայտութեան անկորնչելի ցուցանիշ:
Եւ, վերջապէս, շնորհակալութիւն «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան, որ այս հարցազրոյցով մեծապէս պիտի նպաստէ «Բագին»ի առաւել ծանօթացման եւ տարածման այնքան կարեւոր գործին: