«Հայրենասէր»-ը Իր Հայրենասէր Գործունէութեամբ Քաշաթաղի Մէջ կը Շարունակէ Տրամադրութիւն Փոխել
ԱՄՆ-ի մէջ գործող «Հայրենասէր» բարեգործական, հասարակական կազմակերպութիւնը Քաշաթաղի շրջանին մէջ իրականացուցած է կենսական նշանակութեան շարք մը ծրագիրներ:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ «Հայրենասէր» բարեգործական, հասարակական կազմակերպութեան համահիմնադիր Ստեփան Սարգսեանը ըսած է, որ այս տարուան ընթացքին հիմքէն կառուցած են Մուշի եւ Ալաշկերտի դպրոցները, Իշխանաձոր համայնքին մէջ` մարզադաշտ եւ խաղահրապարակ, իսկ «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամին հետ համատեղ` Հակի դպրոցը:
«Մինչեւ վերակառուցումը, դպրոցը կը գտնուէր խիստ անբարեկարգ եւ փոքրիկներուն համար վտանգաւոր վիճակի մէջ, իսկ շինութեան մէկ մասը ամբողջովին աւերուած էր: Դպրոցը հիմնովին վերանորոգուած է` կառուցուած է նոր տանիք, նորոգուած է յատակը, տեղադրուած են նոր պատուհաններ եւ դռներ, լուացարաններ, ինչպէս նաեւ կատարուած են ընդհանուր վերանորոգման աշխատանքներ, որուն շնորհիւ շինութիւնը աւերակներէն վերածուած է բարեկարգ, ապահով եւ լուսաւոր կրթօճախի»,- նշած է Ս. Սարգսեանը:
Անոր խօսքով` կազմակերպութիւնը Քաշաթաղի շրջանին մէջ կառուցած է նաեւ երկու ապաստարան, որոնցմէ մէկը շրջանի քաղաքացիական պաշտպանութեան կառավարման կէտն է:
Ս. Սարգսեան նշած է, որ վերանորոգման աշխատանքներ իրականացուած են նաեւ Բերձորի գրադարանին եւ թանգարանին մէջ:
Խօսելով ընթացիկ ծրագիրներու մասին` ան նշած է, որ ներկայիս կազմակերպութեան շնորհիւ Հոչանց գիւղին մէջ կը վերանորոգուի հրդեհի իբրեւ արդիւնք այրած բնակարան, իսկ 2018-ի գարնան պիտի սկսին Մոշաթաղի դպրոցի եւ Բերձորի մարզադպրոցի վերանորոգման շինարարական աշխատանքները:
«Նշուած ծրագիրներէն բացի, ընթացիկ ամբողջ տարուաին «Հայրենասէր»-ը՝ 2016 թուականի ապրիլեան ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ զոհուած 16 զինծառայողներու ընտանիքներուն՝ ամսական տրամադրած է 300-ական ԱՄՆ տոլար աջակցութիւն»,- ըսած է Ս. Սարգեանը: