Վիրահայոց «Վերնատուն»ը 20 Տարեկան Է

5 Դեկտեմբերին, Վիրահայոց թեմի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական-մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն եւ շնորհահանդէս՝ նուիրուած Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան 20ամեակին եւ համանուն տարեգիրքի 11րդ թիւի լոյս ընծայման:

Վրաստանի հայ գրական, թարգմանչական եւ հրատարակչական միտքը համախմբող եւ ստեղծագործական գործունէութիւնը համակարգող միութեան նուիրուած ձեռնարկը նախաձեռնած էին «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական-մշակութային կեդրոնը եւ Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութիւնը:

Ձեռնարկը նախագահողներն էին՝ բանաստեղծ-թարգմանիչ Կիվի Շահնազար, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Արտակ Կրապսքի, Վրաստանի երիտասարդ ստեղծագործողներու հիմնարկի նախագահ, բանաստեղծ-թարգմանիչ Մաղվալա Կոնաշվիլի եւ Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Ժորա Սնխչեանը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց կեդրոնի ղեկավար Գիսէ Յովսէփեան: Ան արձանագրեց Յովհաննէս Թումանեանի տան պատմութիւնը՝ արժեւորելով Վիրահայոց թեմին զայն վերադարձնելու գործի նախաձեռնողները, աջակիցներն ու հովանաւորները:

Տօնահանդէսը վարող բանաստեղծ, «Վերնատուն» միութեան հիմնադիր նախագահ Ժորա Սնխչեան անդրադարձաւ անկախութեան ուղին բռնած յետ-խորհրդային հանրապետութիւններու մէջ գրողները համախմբող ազգային կազմակերպութիւններ ունենալու ժամանակի անհրաժեշտութեան, միութեան ստեղծման նուիրեալներուն եւ թումանեանական շունչով տոգորուած «Վերնատուն» անունով այս կազմակերպութեան ստեղծման:

Միութեան գործունէութեան ուղենիշներէն է Հայաստանի եւ Վրաստանի գրողներու միութիւններուն մերձեցումը, հայ-վրացական գրական կապերուն զարգացումը, թարգմանութիւններու ծաւալումը: Այդ պատգամի իրականացման, երկու ժողովուրդներու գրականութիւններու զարգացման գործին ներդրած աւանդին համար՝ Հայաստանի գրողներու միութիւնը ոսկէ մետալով պարգեւատրեց բանաստեղծ-թարգմանիչ Մաղուալա Կոնաշվիլին, որուն մասին պատեհ առիթով բարձրաձայնեց Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդականը, իսկ ձեռնարկը վարողը զայն փոխանցեց հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամին:

Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ «Վերնատուն» տարեգիրքը, որ տարիներ շարունակ իր էջերուն մէջ հաւաքագրած, խմբագրած ու ընթերցողին ներկայացուցած է միութեան անդամներու ստեղծագործութիւնները՝ արձակ, թէ չափածոյ, կատարուած թարգմանութիւնները, յօդուածները, գրախօսութիւնները, հրապարակախօսութիւնները:

Յոբելենական երեկոն ամփոփեց Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիրապ քհնյ. Ղազարեան:

Scroll Up