Դոկտ. Արտէմ Սարգսեանի Մեծարման Երեկոյ

«Ասպարէզ»- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի տեղի ունեցաւ մեծարման երեկոյ՝ նուիրուած դոկտ. Արտէմ Սարգսեանի 75ամեակին: Երեկոյին ներկայ էին աւելի քան հարիւր հիւրեր:

Տէրունական աղօթքով հանդիսութիւնը բացաւ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտմեան, իսկ հանդիսավարն էր Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան:

Դոկտ. Սարգսեանի գրական ժառանգութիւնը ներկայացուց Վահան Պահարեան, որմէ ետք հեղինակային խօսքով հանդէս եկաւ վաստակաշատ գիտնական եւ արուեստագէտ Արտէմ Սարգսեան: Ան հետաքրքրական դրուագներ պատմեց թէ՛ իր ստեղծագործական, թէ՛ կրթական, ինչպէս նաեւ պատկերասփիւռային աշխատանքներուն մասին:

Հայ երգի մշակներ Էռնա Համբարձումեան, Պապին Պօղոսեան եւ Անահիտ Ներսիսեան իրենց գեղեցիկ կատարումներով ջերմացուցին ներկաներուն սիրտերը:

Փակման խօսքով եւ օրհնութեամբ հանդէս եկաւ առաջնորդը, որ իր երախտագիտական խօսքին մէջ անդրադարձաւ յոբելեարի ստեղծագործական աւանդին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

Scroll Up