Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի ծնողական ընդհանուր ժողովները

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի ծնողական ընդհանուր ժողովները տեղի ունեցան Ուրբաթ, 1 և Շաբաթ 2 Դեկտեմբերին, Նախակրթարանի և Միջնակարգ֊ Երկրորդականի համար։
Խօսք առաւ Քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեանը, որ շեշտեց` դպրոց, ծնողք գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, աշակերտութեան նկարագրի առողջ կազմաւորումին և կրթական կեանքի բարելաւման համար։ Ապա, ան պաստառի վրայ մանրամասնօրէն ներկայացուց դասարաններու զանազան նիւթերու յաջողութեան համեմատութիւնները և կատարեց կարգ մը մատնանշումներ։
Իր խօսքի աւարտին Պրն. Զօհրապ յայտարարեց, թէ ամիսներու լուրջ ու հետեւողական աշխատանքէ ետք հրապարակուած է արդէն քոլէճի App-ը, որու միջոցով առաջին հանգրուանին ծնողներուն հասանելի պիտի ըլլան իրենց զաւակներուն նիշերը, այդ ձեւով առիթ տալով որ ծնողքը մօտէն հետեւի իր զաւկին կրթական կեանքին։ Տնօրէնը խոստացաւ հետզհետէ աւելցնել App-ին վրայ տեղադրուող տեղեկութիւնները և յաջորդ հանգրուանին ներառել դասացուցակը, իսկ հետագային առողջական թղթածրարը ու այլ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ։ Ապա, ան բեմ հրաւիրեց քոլէճի համակարգիչներու պատասխանատու և այդ նիւթի դասատու Պրն. Շանթ Տէմիրճեանը, որ բացատրէ App-ը օգտագործելու ձեւը։
Պրն. Շանթ ծնողներուն մանրամասնօրէն բացատրեց App-ը ներբեռնելու (download) և անոր զանազան բաժինները մուտք գործելու հնարաւորութիւնը, ապա իւրաքանչիւր ծնողք ստացաւ իր գաղտնաբառը (password).
Ժողովի աւարտին ծնողները ստացան իրենց զաւակներուն վիճակացոյցները և առիթը ունեցան մէկ առ մէկ տեսնուելու դասատուներուն հետ։

Scroll Up