ԼՕԽը Կրթանպաստ Տրամադրեց 264 Աշակերտներու
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) Շրջանային վարչութեան Կրթանպաստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբերի երեկոյեան, ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք մը՝ ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու եւ բազմաթիւ հայ ծնողներու ու աշակերտներու:
Հանդիպումը սկսաւ Հայ Օգնութեան Միութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց Սիւզան Օհանեան:
Ապա օրուան պատգամը ուղղեց Յակոբ Հաւաթեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽի կատարած բազմաճիւղ եւ նուիրական գործունէութիւնը, որուն մէջ անպայման իրենց բաժինը ունին կրթական մարզը, հայ աշակերտն ու դպրոցը, որովհետեւ մեր ազգային կեանքին մէջ գործող միութիւնները կը հաւատան, որ հայ դպրոցն ու հայեցի դաստիարակութիւնը առանցքային են մեր գոյերթին մէջ, իսկ ԼՕԽի այս նախաձեռնութիւնը անգամ մը եւս շեշտը կը դնէ այս իրականութեան վրայ: Ան դիտել տուաւ, որ, թէեւ աշակերտին հիմնական պատասխանատուն ծնողքն է, բայց եւ այնպէս, մանաւանդ ներկայիս, հայ դպրոցը ծնողական պարտականութիւն ալ կը կատարէ, գուրգուրանք կը փոխանցէ, հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ: Յ. Հաւաթեան հերոսութիւն նկատեց հայկական դպրոց պահելը՝ դիտել տալով, որ անիկա կանգուն կը մնայ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն հովանաւորութեամբ եւ նեցուկով՝ շեշտելով, որ այս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենալ հայ դպրոցին եւ անոր գոյատեւման ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն: