Տեղի Ունեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Մեծարանքի Հանդիսութիւնը
Շաբաթ, 2 Դեկտեմբերին, Պոսթընի «Ինթըրնեշընըլ Փլէյս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի 11րդ հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ շուրջ երկու հարիւր հիւրերու:
Ներկայ էին ծերակուտական Էտուըրտ Մարքի (Մեսեչուսեց, դեմոկրատական), Ուաշինկթընի մօտ Արցախի Հանրապետութեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, ՀՅԴ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ճորճ Աղճայեան, Կրէկ Պետեան, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Ժան Աւետիսեան:
Օրուան հանդիսավարն էր Ճեք Անթունեան, որ բեմ հրաւիրեց Մեղրի Տէր Վարդանեանը, մեներգելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանը կատարելու Տէրունական աղօթքը:
Այս տարուան մեծարանքի հանդիսութեան, «Ազատութիւն» մրցանակ ստացան շրջանէն քոնկրեսական Նիքի Ցոնկաս եւ ծերակուտական Էտուըրտ Մարքի:
Ցոնկաս, որ նախապէս տեղեկացուցած էր, թէ պիտի չկարենար ներկայ ըլլալ այս հանդիսութեան, պատրաստած էր յատուկ տեսերիզ մը, որուն մէջ կը ներկայացնէր իր պատգամը: Ան, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Հայ Դատի յանձնախումբին, նշեց թէ ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել պահանջատիրութեան ուժեղացում, ծաւալում, եթէ ժողովուրդն ու զանգուածները շարունակ նեցուկ չկանգնին:
Ծերակուտական Էտուըրտ Մարքի, որ անձամբ ներկայ էր, խօսք առնելով՝ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու կատարած օժանդակութիւնները՝ Պաքուի, եւ շեշտեց, թէ ամէն գնով պէտք է վերջ տալ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման գծով ամերիկեան մեղսակցութեան: Ան նաեւ յայտնեց, թէ պէտք է ամէն գնով Ամերիկան նեցուկ ապահովել Արցախի ինքնորոշման եւ անկախութեան, նաեւ Արցախի տնտեսական օժանդակութեանց ապահովում՝ նեցուկ կանգնելու համար շրջանի վերակառուցման եւ ականազերծման ջանքերուն:
Ան աւելցուց, թէ հիմնականօրէն վերատեսութեան պէտք է ենթարկել Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները՝ սահմանափակելով զէնքերու վաճառքը:
Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Սթիւ Մեսրոպեան, շնորհակալութիւն յայտնելով քոնկրեսական Ցոնկասին եւ ծերակուտական Մարքիին՝ փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան ըսաւ «Այսօր, բոլոր դժուարութիւններէն ու բազմազան ենթակայական եւ առարկայական լուրջ խոչընդոտներէն անդին, հայը կ՛ապրի պատմական աննախընթաց ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ Հայաստան անկախ է, Արցախը՝ ազատագրուած, եւ, անշուշտ, Սփիւռքի գիտակից ու պայքարող տարրը պատնէշի վրայ է: Այդ կազմակերպ Սփիւռքի մէջ, աշխոյժ ու նպատակասլաց է Հայ Դատի ու քաղաքական կառոյցներու գործունէութիւնը: Այսօր, արտերկրի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցը ու նմանօրինակ կառոյցները աննախընթաց զարգացում կ՛ապրին ու արտաքին աշխարհի մէջ լուրջ հեղինակութիւն կը վայելեն:
Մեր ազգային կարեւորագոյն հարստութիւններէն է Հայ Դատի կամաւոր ու արհեստավարժ նուիրեալներու այս աշխարհասփիւռ փաղանգը, որ կը պաշտպանէ մեր հայրենի պետականութեանց թիկունքը, աշխարհով մէկ կ՛ամրապնդէ անոնց դիրքերը եւ որպէս տարբեր երկիրներու գիտակից քաղաքացիներ կը պահանջէ այդ երկիրներու կառավարութիւններէն ու խորհրդարաններէն հայանպաստ դիրքորոշում եւ մեր հայրենի պետականութեանց գործնական աջակցութիւն: Անոնք կ՛ամբողջացնեն հայկական դիւանագիտութիւնը՝ արտաքին գործոց նախարարութեան, դեսպանատուներու եւ այլ պետական ներկայացուցչութիւններու հետ համագործակցելով եւ աշխատանքը համադրելով: Եւ այս գծով, յատկապէս Ամերիկայի Արեւելեան շրջանէն ներս, շատ աւելի գործ ունինք տանելիք»։
Ընթրիքէն ետք, հանդիսավար Ճեք Անթունեան, բեմ հրաւիրեց Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանը, որ յուզիչ եւ յակիրճ նկարագրականով մը ներկայացուց Պաքուի ջարդերէն մազապուրծ եւ այժմ Մէյն նահանգին մէջ հաստատուած Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքաթը, որ ստացաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն շարունակ ծառայելու շքանշանը:
Նշենք, թէ 2013ին, շնորհիւ Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթի հետեւողական աշխատանքին, Մէյն նահանգը պաշտօնապէս ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը: 1988ին, Աննայի ընտանիքը պարտադրուած էր փախուստ տալու եւ ապաստանելու Հայաստան: 1992ին Աստուածատուրեանները կը հաստատուին Միացեալ Նահանգներ:
Քարոլայն Նաճարեան ստացաւ «Վահան Քարտաշեան» շքանշանը: Նաճարեանի մասին անդրադառնալով, Անդրանիկ Գասպարեան վեր առաւ, անոր անաչառ աշխատանքը:
Նաճարեան, խօսք առնելով՝ յայտնեց, թէ Հայ Դատի աշխատանքը իւրաքանչիւր հայու գոյութեան եւ պատկանելիութեան խնդիր է եւ ինքնաբերաբար, ամէն հայորդի պէտք է մասնակից դառնայ աշխատանքներուն:
ՀՅԴ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեան իր խօսքին մէջ շեշտեց Հայ Դատի հասկացողութեան ներկայ սահմանումը: «Այս աշխատանքները կը կատարուին ամէնուրեք, Հայ Դատի բոլոր յանձնախումբերն ալ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը ծաւալեն: Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը արդէն իսկ բաւական ճամբայ կտրած է, մեծ յաջողութիւններ արձանագրուած են մանաւանդ վերջին տարիներուն, բայց ամբողջականացած չէ այդ հոլովոյթը: Ներկայիս կը բացուի ամբողջութեամբ նոր էջ, որ պահանջատիրութեան ծրագրային եւ սկզբունքային սահմանումէն անդին անցնելու խնդիրն է, այդ ամբողջ հոլովոյթը օրինական մակարդակի հասցնելու համար: Հետեւողական աշխատանք ունինք կատարելիք: Պէտք է երիտասարդութիւնը մղենք, որ քաղաքական կեանքին մաս կազմէ, չըլլայ միայն դիտող», ըսաւ Աղճայեան:
Նշենք, որ օրուան հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանի օրհնութեամբ:
Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան, տասնեակ մը ատրպէյճանցի ցուցարարներ փորձած էին իրարանցում ստեղծել, սակայն նիկա ապարդիւն դուրս եկած էր:
Նախքան, ձեռնարկի յայտագիրին անցնիլը կատարուած աճուրդին իբրեւ արդիւնք՝ գոյացաւ կոկիկ գումար մը: Նաեւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ Դատի յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին: