Մաքրոն Պիտի Մասնակցի Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Ամէնամեայ Ընթրիքին

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պիտի մասնակցի Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդին (CCAF) կողմէ կազմակերպուող ամենամեայ ճաշին:

Ճաշը տեղի պիտի ունենայ 2018-ի Յունուար 30-ին` Փարիզի մէջ, կը յայտնէ panorama.am-ը:

CCAF-ը կը միաւորէ Ֆրանսայի մէջ հայկական համայնքի խոշորագոյն քաղաքական, մշակութային, կրթական, կրօնական ու ընկերային կազմակերպութիւնները:

Համակարգող խորհուրդի հիմնական նպատակն է համակարգել ներհամայնքային գործունէութիւնը, պայքարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ, պաշտպանել Ֆրանսայի հայկական համայնքի շահերն ու ներկայացնել միասնական տեսակէտ հանրային քաղաքականութեան կարեւոր հարցերուն:

Նշենք, որ CCAF-ի այս տարուան ամէնամեայ ընթրիքին մասնակցած էր այդ ժամանակ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը:

Scroll Up