Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Նոր Տարուան Առիթով Հաւաքական Ցուցահանդէս

Ազդակ-Երէկ` չորեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ 15 գեղանկարիչ եւ քանդակագործ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսի մը բացումը: Ցուցահանդէսը կը հովանաւորէր Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր:

Համազգայինի ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւորին, ինչպէս նաեւ այս նախաձեռնութեան իր նպաստը բերած Սարգիս Պուտագեանին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի բարերարներուն ու բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներուն ու արուեստասէրներուն, որոնք այս տարի եւս իրենց նիւթաբարոյական նպաստը բերին ու զօրակցեցան զոյգ հաստատութեանց բոլոր ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն: Ան Նոր տարուան առիթով Համազգայինի ընտանիքին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլորին:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ ցուցասրահի բարերար արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեան: Ան իր ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես տարուած աշխատանքին ու ստեղծուած մթնոլորտին` հաստատելով, որ ինք ցուցասրահը  կը նկատէ իր հարազատ տունը: Թիւթիւնճեան յաջողութիւն եւ ստեղծագործական աշխատանքի վերելք մաղթեց մասնակից բոլոր արուեստագէտներուն:

Յայտնենք, որ այս ցուցահանդէսին կը ցուցադրուին   հայ եւ լիբանանցի 15 արուեստագէտներու աւելի քան 120 գործեր, որոնք կարելի է նկատի ունենալ Նոր տարուան առիթով նուէրներու ընտրութեան մէջ:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 13 յունուար 2018:

Ցուցասրահը բաց է առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30, ներառեալ կիրակի օրերը:

Scroll Up