Միացեալ Նահանգներ Կրնայ Օգնել Սուրիահայերուն. Քոնկրեսականին Կոչը Հայերուն

Միացեալ Նահանգներ պէտք է ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերէ այն երկիրներուն, որոնք հիւրընկալած են քրիստոնեայ փախստականներ Մերձաւոր Արեւելքէն:
Այս մասին «Ամերիկայի Ձայն»-ին ըսած է ԱՄՆ-ի քոնկրեսական Կաս Պիլիրակիս (Gus Bilirakis):
«Կը կարծեմ, մենք պարտաւոր ենք օգնութիւն յատկացնելու այն պետութիւններուն, որոնք օթեւան տրամադրած են Սուրիայէն եւ Իրաքէն ժամանած քրիստոնեաներուն: Նախագահ Թրամփ նոյնպէս կողմնակից է, որ մենք ամբողջ աշխարհի մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանը ըլլանք»,-նշած է ան:
Քոնկրեսականին խօսքով, Հայաստանը, որ վերջին տարիներուն բազմաթիւ քրիստոնեաներ ընդունած է Մերձաւոր Արեւելքէն, նոյնպէս կրնայ ակնկալել օգնութիւն` փախստականներուն աջակցելու հարցով. «Ես կոչ կ՛ընեմ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն կապուիլ ինծի հետ: Ուրախ եմ՝ աշխատելու անոնց հետ այս հարցով»:
Պիլիրակիս, որ կը մասնակցի Ուաշինկթընի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող կրօնական ազատութեան համաժողովին, կ՛ընդգծէ, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ամբողջ աշխարհով հետեւողականօրէն պաշտպանէ քրիստոնեաներուն շահերը, ուր ալ ատոնք ոտնահարուին. «Մենք բազմաթիւ պետութիւններու տնտեսական աջակցութիւն կը յատկացնենք: Սակայն, կրնանք դադրեցնել աջակցութիւնը այն երկրներուն, ուր քրիստոնեաներու իրաւունքները կ՛ոտնահարուին, ուր չկայ կրօնի ազատութիւն»: