Ազգային Երգ ու Պար Սորվեցնող Դպրոցները Պիտի Շատնան

Ազգային երգ ու պար սորվեցնող դպրոցներուն ցանկը պիտի ընդլայնուի: ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի նոր հրամանով լրացում կատարուած է ««Ազգային երգ ու պար» նիւթի փորձնական ծրագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ներդնելու մասին» հրամանին մէջ:

 Հրամանին համաձայն` «Ազգային երգ ու պար» նիւթը պիտի ներդրուի եւս 10 դպրոցներու մէջ:

Նիւթը պիտի դասաւանդուի նաեւ Ս. Շահումեանի անուան թիւ 1, Երեւանի թիւ 34, 61, 76, 78, 86, 128 հիմնական դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ Արարատի մարզի Մարմարաշէն գիւղի միջնակարգ, Մասիս քաղաքի թիւ 4 հիմնական դպրոցներուն եւ Վայոց Ձորի մարզի Ջերմուկի կրթահամալիրին մէջ, կը յայտնէ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

 Ինչպէս նախապէս յայտնեցինք, որ հայկական քոչարին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

Scroll Up