ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի Արին Պարախումբը Լիբանանահայ Մշակոյթի Բարձունքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/12/Arine-f1-300x225.jpg)
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը անվարանօրէն դարձած է լիբանանահայ պարարուեստի պարծանքը: Մշակութասէր հանդիսատեսը անհամբերութեամբ կը սպասէ «Արին» պարախումբին ելոյթները:
Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2017-ին, Լիբանանի մէջ գործող օտար դիւանագիտական շրջանակներու տիկնանց համախմբումին կազմակերպութեամբ, «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային բարեսիրական պազար: Աւանդութիւն դարձած սոյն պազարին հասոյթը կը յատկացուի բարեսիրական հաստատութիւններու:
Լիբանանի մէջ գործող Հայաստանի դեսպանատան հրաւէրով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ պազարի ընթացքին նախատեսուած գեղարուեստական յայտագիրին: Պարախումբը, տիկնանց վարչութիւնը, պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գայիանէ Մածունեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնէն երկու մեծ օթոպիւսներու ընկերակցութեամբ մեկնեցան «Ֆենիսիա» պանդոկ: Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Արթօ Գունտաքճեան, Շահան Սեմերճեան պանդոկի մուտքին դիմաւորեցին պարախումբի կազմը:
Պարախումբին ելոյթները տեղի ունեցան «Ֆենիսիա» պանդոկին մեծ սրահին մէջ: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի 75 անդամ-անդամուհիներէն միջակ աղջիկները եւ տղաքը ներկայացուցին «Նինօ» եւ «Վասպուրական» պարերը, իսկ մեծ տղաքը եւ աղջիկները՝ «Գողթան» եւ«Վարդագոյն Աղջիկներ» պարերը: Հայ եւ օտար ներկաներ մեծապէս խանդավառուեցան «Արին» պարախումբի ճաշակաւոր եւ բարձրորակ ելոյթներէն: Դիւանագիտական օղակի ներկայացուցիչներ, ոգեւորուած ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ի «Արին» պարախումբի ելոյթներէն իրենց յարգանքն ու հմայքը յայտնեցին հայ մշակոյթին:
Վարձքը կատար ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-Ի «Արին» պարախումբի անդամ-անդամուհիներուն, գեղարուեստական ղեկավար Գայիանէ Մածունեանին, պարախումբի տիկնանց վարչութեան ատենապետուհի Անի Պոտրումեանին եւ ժրաջան անդամուհիներուն, որոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն բարձր պահելու հայ մշակոյթին փառքն ու աւանդութիւնները:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ