Նալպանտեանը Վիեննայի Մէջ ՄԽ Համանախագահներուն եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարի Հետ Պիտի Հանդիպի

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան, Դեկտեմբեր 6-ին, պիտի մեկնի Վիեննա` մասնակցելու Դեկտեմբեր 7-8 կայանալիք Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մասնակից պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 24-րդ նիստին:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ԵԱՀԿ նախարարական խորհուրդի ծիրէն ներս, Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը հանդիպումներ պիտի ունենայ շարք մը երկիրներու իր գործընկերներուն հետ:
Դեկտեմբեր 6-ին, Վիեննայի մէջ, նախարար Նալպանտեան հանդիպում պիտի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ: Նախատեսուած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:
Դեկտեմբեր 9-ին, Վիեննայի մէջ, Էդուարդ Նալպանտեան պիտի իրականացնէ եւրոպական երկիրներու եւ Եւրոպայի մէջ տեղակայուած միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցութիւնը: