Արաքսաւանը Նոր Թաղամաս Պիտի Ունենայ

Հադրութի շրջանի Արաքսաւան համայնքը նոր թաղամաս պիտի ունենայ:
Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է Հադրութ քաղաքին մէջ գործող «Դորութ ստուտիոյ» ճարտարապետական ընկերութեան ղեկավար Նինա Ներսէսեան` տեղեկացնելով, որ իրենց ընկերութեան վստահուած է նախագիծի կազումթիւնը:
«Յանձնարարականը ստացած ենք հանրապետութեան նախագահին` վերջերս Արաքսաւան կատարած այցի ընթացքին, երբ քննարկուած է համայնքի զարգացման եւ նոր թաղամասի կառուցման ծրագիրը: Նախագիծը պատրաստ պիտի ըլլայ հնարաւորինս շուտ, քանի որ թաղամասի համար արդէն պատրաստ են առաջին տնակները, որոնք, ի դէպ, կը համապատասխանեն արդի չափորոշիչներուն եւ ունին բոլոր յարմարաւէտ պայմանները»,- ըսած է ան: