Լիբանանի Մէջ Սպանիոյ Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, 28 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտուն, ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Ժոզէ Մարիա Ֆերրէն:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր: Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու հրամայականը: Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ անդրադառնալու վերջին տասնամեակներուն Սպանիա հաստատուած հայ համայնքին: Վեհափառ հայրապետը այս առիթով իր գնահատանքը յայտնեց հայ համայնքին նկատմամբ Սպանիոյ պետութեան ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեան համար: