«Հեռուստամարաթոն 2017»-ին Զուգընթաց Դրամահաւաք-Ձեռնարկ Նոր Ջուղայի ՄԷջ

Նոյեմբեր 23-ին Նոր Ջուղայի շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՅԴ «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան  կազմակերպութեամբ «Հեռուստամարաթոն-2017»-ի համահայկական դրամահաւաքին զուգընթաց Նոր Ջուղայի Հայ մարզա-մշակութային «Արարատ» միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Բերքառատ Արցախ» ծրագիրին իրականացման ուղղուած դրամահաւաք:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին նոր Ջուղայէն կը յայտնէ Երանուշ Թահմազեան, դրամահաւաքին սրտաբուխ նուիրաբերութեամբ մասնակցեցան թեմակալ առաջնորդ Տ.Սիփան ծայրագոյն վարդապետ Քեչեջեան, ազգային  իշխանութիւնը, ենթամարմինները, Հայ դատի յանձնախումբը, համայնքին մէջ գործող միութիւններն ու Հայոց ազգային դպրոցները  ու այլ հայորդիներ:

Աւելցնենք, որ 2003 թուականէն սկսած համահայկական հեռուստամարաթոնին զուգահեռ դրամահաւաք կը կազմակերպուի նաեւ Նոր Ջուղայի մէջ:

Այս տարի շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը, առաջին անգամ դրամահաւաքի ձեռնարկ իրականացուց նաեւ Շահինշահր քաղաքին մէջ` նոյն միութեան Շահինշահրի մասնաճիւղի նորակառոց շէնքի յարկին ներքոյ:

Scroll Up