Զապէլ Եսայեանը Կը Ծանօթացուի Արցախի Նոր Սերունդին

Արցախի Հադրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղի Զապէլ Եսայեանի անուան դպրոցին մէջ յայտարարուած էր մարդկային իրաւունքներու վերաբերեալ աշակերտական շարադրութիւններու հանրապետական 2րդ մրցոյթը, որուն մասնակցած էին Արցախի  դպրոցներուն 9-12րդ դասարանի աշակերտները։

Մրցոյթին համահովանաւորներն էին՝ «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնարկը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Հայագիտական Ուսմանց ու Ուսումնասիրութեանց ազգային ընկերակցութիւնը (NAASR) եւ կազմակերպուած էր Արցախի Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանի, ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան Ստեփանակերտի կեդրոնէն Կորիւն Խաչատուրեանի եւ Միացեալ Նահանգներէն Ճուտիթ Սարեանի կողմէ:

Ականաւոր գրող եւ իրաւապաշտպան Զապէլ Եսայեանի ժառանգութիւնը Արցախի նոր սերունդին ծանօթացնելու նպատակով, այս տարուան մրցոյթը նուիրուած էր Եսայեանի, իսկ անոր կողքին կազմակերպուած էր նաեւ շապիկներու ձեւաւորման մրցում մը։

Մրցոյթին ներկայացուող շարադրութեանց համար, անհրաժեշտ էր ընթերցել եւ օգտագործել Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի Պարտէզները» ստեղծագործութենէն քաղուածքներ։

Շապիկներու ձեւաւորման մրցոյթին արդիւնքները 8 Նոյեմբերին հրապարակուեցան ԹՈՒՄՕ-ի Ստեփանակերտի կեդրոնին մէջ եւ յաղթական հռչակուեցաւ Ստեփանակերտի բնակիչ Աստղիկ Սիմոնեանի ձեւաւորումը, որուն վրայ Եսայեանի նկարին կողքին կայ անգլերէն թարգմանութիւնը Եսայեանի հետեւեալ տողերը. «Գրականութիւնը զարդարանք, հաճելի ժամանց կամ գեղեցիկ ծաղիկ չէ։ Գրականութիւնը անարդարութեան դէմ պայքարելու զէնք մըն է»։ Շապիկին ետեւը պատկերուած է Արցախը խորհրդանշող իւրայատուկ նուռ մը։

Շարադրական մրցումին արդիւնքները պիտի հրապարակուին Դեկտեմբեր 10-ին, որ Մարդկային իրաւունքներու միջազգային օրն է:

Scroll Up