Հայաստանի Մէջ Կը Գտնուի Ամէնաերկար ու Ամենահրաշալի Zipline-ը․ Discovery

Հայաստանի մէջ կը գտնուի աշխարհի ամէնաերկար ու ամենահրաշալի Zipline-ը: Discovery ամերիկեան հեռուստաընկերութիւնը ցուցադրած է տեսանիւթ մը, ուր Zipline–ի բարձրութենէն ներկայացուած են Հայաստանի բնապատկերները:

Ծրագրի հիմնադիր Տիգրան Չիբուխչեանը պատմած է ատոր իրականացման մասին.

«Ես կրնայի աշխատիլ օրական  20 ժամ, ատիկա անհնարին կը թուէր: Ես կը ցանկայի մարդոց ստիպել` հաւատալու, որ ատիկա հնարաւոր է: Մենք կը պատրաստուէինք բանալ ամէնաերկար զիփլայնը աշխարհի մէջ, ան 2770 մեթր երկարութիւն ունի: Ատիկա գաղափար մը էր, որու նպատակը իւրաքանչիւր մարդու ատրենալին նուիրելն է»:

Panorama.am-ի փոխանցմամբ`կը  նշուի, որ թռիչքի տեւողութիւնը երեք րոպէ է, առաւելագոյն արագութիւնը` 120 քմ/ժ:

Scroll Up