Մեսրոպեան Վարժարանը Տօնեց Լիբանանի Անկախութեան Օրը

Վերջին շրջանին Լիբանանի շուրջ ստեղծուած լարուած մթնոլորտը երբեք պատճառ չդարձաւ, որ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը այս տարի եւս խանդավառութեամբ տօնէ Լիբանանի Անկախութեան օրը, որուն նուիրուած ձեռնարկները տեղի ունեցան 23 Նոյեմբերին:

Մեսրոպեան Մանկապարտէզի փոքրիկները կատարեցին տօնին համապատասխան ձեռային աշխատանքներ, տողանցեցին լիբանանեան երգերու կշռոյթներով, ներկայացուցին լիբանանեան մշակոյթին եւ բանակին նուիրուած թատերական փոքր պատկերներ:

Նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտները, իրենց հերթին, առանձնաբար տեղի ունեցած հաւաքներու ընթացքին կատարեցին երգեր եւ ընթերցումներ, ներկայացուցին զեկոյցներ՝ Լիբանանի պատմութեան մասին:

Աշակերտութեան խօսքեր ուղղեցին ուսուցչական կազմի անդամներ տիկին Սոնիա Ապեթեան եւ պարոն Էլի Ժաուհարժի, որոնք կոչ ուղղեցին աշակերտներուն՝ որպէս երկրի ապագայ քաղաքացիներ, տէր կանգնիլ հայրենիքին եւ զօրակցիլ Լիբանանեան բանակին: Անոնք շեշտեցեցին, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի ինքզինք պատասխանատու պէտք է զգայ երկրին նկատմամբ եւ լիուլի կատարէ իր քաղաքացիական պարտականութիւնները:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կրթութեան եւ գիտութեան ճամբով այսօրուան աշակերտները պիտի կերտեն վաղուայ Լիբանանի պայծատ ապագան, կայանալով որպէս ազատ մտքի եւ ազատ խղճի տէր քաղաքացիներ: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն սրբօրէն պահպանելու միասնութեան, համերաշխութեան եւ փոխադարձ հանդուրժողականութեան գաղափարները, անոնց հիմքին վրայ ամուր պահելու համար լիբանանեան հայրենիքն ու ընկերութիւնը:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

DCIM100MEDIADJI_0028.JPG

Scroll Up